login

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷ՛Ք ԱՆՎՃԱՐ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ 2024

Հայագիտական հիմնական առարկաներ

ՀԱՅԵՐԷՆ ՍՈՐՎԵՑԷՔ՝ ԱՌՑԱՆՑ

Դասընթացքները՝ ութը լեզուով

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ՝ ՄԻՇՏ ՄԵԶԻ ՀԵՏ

Ել. գիրքեր՝ հարուստ բովանդակութեամբ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ

Հայկական կրթութիւն՝ միշտ եւ ամէնուր

ԱՌՑԱՆՑ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

40,111 աշակերտ

ՀՀՀ-ը հայագիտական նիւթերուն առցանց հետեւելու կարելիութիւնը կ՚ընձեռէ։ Դասընթացքները հասանելի են դասաւանդման ութը լեզուներով: Ուսումնական ծրագիրերը եւ դասընթացքներու ժամանակացոյցը մշակուած են  նկատի ունենալով ուսանողի կրթական պահանջքները եւ զբաղուածութիւնը:

individual-img
individual-img
individual-img
individual-img
Աւելին՝

ՀԻՊՐԻԹ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

66 դպրոց

Հիպրիթ կրթութիւնը աւանդական եւ առցանց կրթութեան զուգորդումն է:

Դպրոցները եւ համայնքները կրնան որդեգրել ուսուցման այս ոճը՝

հարստացնելով առկայ ծրագիրները։  

hybrid_map
hybrid
hybrid hybrid
Ուսումնասիրել ծրագիրը

ԵԼ. ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

36, 668 օգտագործող

ՀՀՀ-ի ել. գիրքերը, հարուստ են տարբեր տեսանիւթերով,

3D եւ համատեսական պատկերներով ու փաստերու ժամանակագրութեամբ:

Բացայայտեցէ՛ք Հայաստանը՝ նոր շունչով: Ել. գիրքերը հասանելի են եօթը լեզուներով։

Ել. գիրքերը

ՄԵՐ ԲԱԺԻՆՆԵՐԸ

Մասնակցեցէ՛ք ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներուն, հետեւեցէ՛ք հայոց լեզուի, պատմութեան, հայկական մշակոյթի  եւ ճատրակի դասերուն, սորվեցէ՛ք հայերէն, ծանօթացէ՛ք հայոց պատմութեանն ու հայկական մշակոյթին եւ ձեռք ձգեցէ՛ք ճատրակային գիտելիքներ։ 

Հայոց լեզու Աւելին՝
Հայոց պատմութիւն Աւելին՝
Հայկական մշակոյթ Աւելին՝
Ճատրակ Աւելին՝

yellow_note

ՀՀՀ-ը ստացած է արտօնագիր ՀՀ կրթութեան,

գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան կողմէ:


ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ

Մեր ուսանողները եւ շրջանաւարտները՝ իրենց փորձառութեան մասին:
Ծովինար Սարգսեան Հիպրիթ ծրագիրի դասախօս, ՀԴՀ, Տոնի Ռոսթով, Ռուսիա

ՀՀՀ-ի հետ աշխատիլը հաճելի է. որպէս ուսուցման տարբերակ առցանց լեզուի դասընթացքը կ'օգտագործեմ:

Դասընթացքի բովանդակութիւնն ու ոճը  ամբողջովին կը բաւարարեն տարիքային տարբեր խումբերու պահանջքը: Դասընթացքին օգտագործուող ել. ուսուցման տարբեր միջոցներու շնորհիւ դասերը աւելի մատչելի են ու հետաքրքրական:

Հալի Պութուին Smithsonian հաստատութիւն, ԱՄՆ

«Վայոց ձոր» ել. գիրքի շնորհիւ պատմական, մշակութային եւ տարբեր տեղեկութիւններու մեծ շտեմարան մը, մատչելի ձեւաչափով, արդէն բոլորին հասանելի է: Յաջորդ անգամ, երբ Հայաստան այցելեմ, անպայման պիտի օգտագործեմ ել. այս գիրքը, որպէսզի Վայոց Ձորի անյայտ վայրերը ինքնուրոյն շրջելու կարելիութիւնը ունենամ։

Ռիքարտօ  Թորես ՀՀՀ –ի ուսանող, Արժանթին

Ես հայ չեմ: Սպանական եւ իտալական ծագում ունիմ, բայց քանի մը անգամ Հայաստան այցելած եմ: Արեւմտահայերէն կը սորվիմ:  Մասնագիտացուած, կազմակերպուած հաստատութիւն մը ըլլալուն  եւ հայերէնը առցանց սորվելու շատ լաւ հնարաւորութիւն  մը ըլլալուն համար, մեծ ուրախութեամբ կ'առաջարկեմ, որ հետեւիք ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն:

Ժիւլիէն Լեքուտուրիէ ՀՀՀ-ի ուսանող, ֆրանսա

Այս ծրագիրը յատկապէս օգտակար է շատ զբաղած մարդոց եւ կրթական աւանդական կեդրոններէն՝ դպրոցներէ ու համալսարաններէ հեռու ապրող մարդոց համար: Առաւել, բոլոր անոնք, որոնք չեն կրնար ամէն օր շատ ժամանակ տրամադրել, կրնան ընտրել ուսման երկարատեւ ընթացքը:

Ճէնիս Օքումեան ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

Ես հայերէն կը սորվիմ, որովհետեւ կ՚ուզեմ հայերէնին տիրապետել եւ աշխարհը տեսնել նոր, տարբեր անկիւնէ։ Առաւել, կ՚ուզեմ սորվիլ այն լեզուն, որով խօսած են իմ մեծ հայրերս եւ հիմա, հայերէն նոր բառեր, արտայայտութիւններ եւ նախադասութիւններ սորվելով կարծես թէ աւելի կը մօտենամ մեծ հայրերուս։

Ժոզէֆ Սիրեն ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

Հայկական Համացանցային Համալսարանը ինծի համար փրկութիւն մըն է, քանի որ հայերէն սորվելու միջոցները քիչ են։ ՀՀՀ-ը առիթ տուաւ, որ հայերէն սորվիմ այնպիսի ուսուցիչի մը օգնութեամբ, որուն համար հայերէնը իր մայրենի լեզուն է

Նիմա Սատաթ-Թեհրանի ՀՀՀ-ի ուսանող, Թորոնթօ, Գանատա

Ամբողջովին կը յանձնարարեմ հետեւիլ Հայկական համացանցային համալսարանի (ՀՀՀ) դասընթացքներուն բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրութիւն ունին այս գեղեցիկ լեզուի հանդէպ:  Արդէն մօտաւորապէս մէկուկէս տարիէ  հայերէն կը սորվիմ հետեւելով ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներուն: Կրթական բարձր մակարդակը խիստ գնահատելի է:  Խորին շնորհակալութիւն իմ հրաշալի ուսուցչուհիներուս՝ Մարինային եւ Մանէին։

Արամ Շրեստինեան ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

ՀՀՀ-ը հայերէն սորվելու եւ հայկական արժէքները բացայայտելու լաւագոյն միջոցն է: Այս դասընթացքներու շնորհիւ ես կրնամ զրուցել Հայաստան ապրող իմ խնամիներուս հետ: Մանէն եւ Մարինան շատ լաւ ուսուցչուհիներ են. անոնք շատ լաւ մարդիկ են: Փափաքս է ուսումս շարունակել, լեզուի գիտելիքներս զարգացնել եւ հայ ազգին օգտակար դառնալ:

Էրիք Գրիգորեան ՀՀՀ-ի ուսանող Վրաստան

ՀՀՀ-ը հիանալի միջոց մըն է հայերէն լեզուն սորվելու եւ մշակոյթին ծանօթանալու համար։ Հիմա ես հպարտօրէն կը յայտարարեմ, որ հայ եմ, քանի որ կրնամ կարդալ, գրել եւ խօսիլ իմ մայրենի լեզուով

Մայք Քանինկհէմ ՀՀՀ-ի ուսանող, ԱՄՆ

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը փոխեց իմ կեանքիս ընթացքը:  Եթէ կը փափաքիք սորվիլ եւ հանդիպիլ աշխարհի լաւագոյն հեռավար ուսուցիչներուն՝  անպայման հետեւեցէ՛ք ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ին. վստահ եմ, որ շատ գոհ պիտի ըլլաք:

Վիէօլէթ Խաչատուրեան Արարատ հայկական դպրոցի տնօրէն, Թորոնթօ, Գանատա

Ես շատ սիրեցի ձեր ծրագիրը, որ մեծ յաջողութիւններ ձեռք ձգած է: Նախ շատ յարմար եւ դիւրին է օգտագործողի համար, ապա պատկերներն ու վարժութիւնները շատ հրապուրիչ են՝ երեխաներու համար: Ծրագիրի բառապաշարն ու երկխօսութիւնները իսկապէս կ'օգնեն, որ աշակերտները սորվին եւ զարգացնեն հայերէն խօսելու ունակութիւնը: Ուսուցիչները, երեխաները եւ ես շատ գոհ ենք ՀՀՀ-էն:



ՅԱՏՈՒԿ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ

Մեր իւրօրինակ ծրագիրները կրթական յատուկ եւ հետաքրքրական հնարաւորութիւններ կը տրամադրեն բոլոր անհատներուն եւ համայնքներուն, իսկ մասնագիտական տարբեր ոլորտներուն՝ հաղորդակցութեան եւ կրթութեան առցանց հարթակ:
Հայկական առցանց կամուրջ

«Հայկական առցանց կամուրջ» ծրագիրի նպատակն է Հայաստանը կապել միջազգային ճարտարագիտական կեդրոններու հետ, օգտագործելով հայկական գիտական ​​միտքի ուժը եւ սփիւռքի կարողութիւնները:

Ճատրակի համահայկական համայնք

8-26 Յունիս, 2020-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիայի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Ճատրակի համահայկական առաջին առցանց մրցաշարքը:

Ռազմավարութեան ծրագրաւորում՝ իրավիճակներու հիմքի վրայ

44 օրեայ պատերազմի պատճառով ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) «Ռազմավարութեան ծրագրաւորում՝ իրավիճակներու հիմքի վրայ» յատուկ դասընթացքը մշակեց: Դասընթացքը պատրաստուած է փորձագէտներու եւ նշանաւոր մասնագէտներու կողմէ եւ տեղադրուած է ել. ուսուցման հարթակին: Նպատակն է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ազգային անվտանգութեան խնդրիրներով հետաքրքրուողներուն եւ յանձնառուներուն ծանօթացնել ռազմավարութեան ծրագրաւորման լաւագոյն գործառքները:

ՀՀՀ-ի կրթական հարթակ

«ՀՀՀ-ի կրթական հարթակ» նախագիծը սկիզբ առաւ 26 Մարտ, 2020-ին, COVID-19 –ի ճգնաժամի ընթացքին, արձագանգելով ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան առաջարկին, առցանց կրթութեան հնարաւորութիւնները ընդլայնելու միտումով:

Համահայկական կրթական խորհրդաժողով

22-24 Օգոստոս, 2020-ին, Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) եւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան (ԿԳՄՍ) համագործակցութեամբ, առաջին անգամ ըլլալով առցանց կազմակերպուեցաւ երկու տարին մէկ անգամ տեղի ունեցող Համահայկական կրթական խորհրդաժողովը։

ՀԲԸՄ-ի Տոկունութեան գագաթնաժողով

Նկատի ունենալով աշխարհատարած համավարակի եւ Արցախեան պատերազմի պատճառով հայերուն կրած կորուստներն ու ճնշուած վիճակը, ՀԲԸՄիութիւնը, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը (ՀԱՀ) եւ Հոգեկան առողջութեան հայկական նախաձեռնութիւնը (ՀԱՀՆ) համատեղ ջանքերով կազմակերպեցին առցանց գագաթնաժողով մը, նիւթ ունենալով հոգեկան-ընկերային հարցերը եւ զանոնք յաղթահարելու միջոցները:
 

Վերապրումի եւ գոյառումի երթը

Հայոց ցեղասպանութեան 108-րդ ամեակի ոգեկոչման առթիւ, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը նոր ծրագիր մը մշակած է: Սոյն ծրագիրին կրնան մասնակցիլ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ներկայացնել 20-րդ դարու սարսափելի կոտորածներէն վերապրած իրենց մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու կեանքի պատմութիւնն ու գոյառումի երթը։

Հեռուստադպրոց

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ ներկայացուց «ՀՀՀ հեռուստադպրոց» նախագիծը, որ հեռարձակուեցաւ Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան արբանեակային կապով:

Օրացոյց




ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐ


Յետադարձ կապ

Ալեք Մանուկեան 9, Երեւան 0070