login
e_book_1
Դար Մը Պատմութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Vol. I
play_colored Տեսանիւթ

Առաջին հատոր 

«Դար Մը Պատմութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» գիրքի առաջին հատորը կը ներկայացնէ ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն՝ 1906-էն մինչեւ 1940-ական թուականները։ Հիմնուելով արխիւային հարուստ նիւթերու, նկարներու եւ ժամանակագրութեան վրայ, ել. գիրքը կը ներկայացնէ ՀԲԸՄ-ի առաքելութիւնն ու բարեսիրական գործունէութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն ետք։ Ընթերցողները տեղեկութիւններ կը ստանան ցեղասպանութենէն վերապրածներուն եւ որբերուն մատուցուած ծառայութիւններուն մասին, ՀԲԸՄ-ի վերակազմաւորումին եւ Փարիզ տեղափոխուելուն, Խորհրդային Հայաստանի հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ ծաւալած գործունէութեան մասին։ Ել. գիրքը բացառիկ աղբիւր է անոնց համար, որոնք կը փափաքին ուսումնասիրել սփիւռքի պատմութիւնը, հայկական աշխարհի վերականգնումը եւ բարդ յարաբերութիւնը՝ սփիւռքի ու Խորհրդային Հայաստանի միջեւ։

 

e_book_1
Դար Մը Պատմութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Vol. II
play_colored Տեսանիւթ

Երկրորդ հատոր 

«Դար Մը Պատմութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» գիրքի երկրորդ հատորը կը նրկայացնէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գործունէութիւնը 1941 – 2006։ Արխիւային նիւթերու, մանրամասն տուեալներու, ինքնատիպ նկարներու եւ տեսանիւթերու միջոցով, ել. գիրքը կը ներկայացնէ դպրոցներ, մշակութային եւ մարզական կեդրոններ հաստատելու ուղղուած ընդարձակ աշխատանքը։ Կ՚անդրադառնայ Միջին Արեւելքի ճգնաժամին եւ անոր ազդեցութեանը՝ հայերու վրայ, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ ՀԲԸՄ-ի յարաբերութիւնը Խորհրդային Հայաստանի, ապա՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Աւարտին կը տեսնենք ՀԲԸՄ-ի լայնածաւալ գործունէութեան եւ ծրագիրներու ընդհանուր պատկերումը։

Սեղմել եւ կարդալ