login
Ներսէն Հայեացք
ՀՀՀ-ի հետ հայերէնի իմացութիւնս բարելաւուեցաւ 01/10/2023

Ռաֆայէլ Շիվօ Ֆրանսա ծնած է: Այժմ Պելճիքա կ'ապրի: Մայրը հայ է եւ իր ընտանիքը բնիկ Պուրսայէն է (Թուրքիա): Մենք Ռաֆայէլին հետ անձամբ ծանօթացանք 2022 թուականի ամրան, ՀՀՀ-ի Երեւանի գրասենեակէն ներս, թէեւ նախապէս, Հայաստան յաճախ այցելած է:


Ռաֆայէլը կ'ըսէ. «Ես չորս անգամ Հայաստան այցելած եմ եւ որպէս կամաւոր մասնակցած եմ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի կազմակերպած fintech ծրագիրին: Շատ տպաւորիչ էր առաջին այցելութիւնս: Երբ օդանաւը «Զուարթնոց»  օդակայան վայրէջք կատարեց, շատ ուրախացայ... բոլոր ցուցանակները հայերէնով գրուած էին: Այդ ժամանակ հասկցայ, որ  ես տուն եկայ»: 


Ռաֆայէլը արեւմտահայերէն շատ լաւ չէր գիտեր: Անոր համար կ'որոշէ որպէս ունկնդիր ուսանող հետեւիլ ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի դասընթացքներուն:  


«Միշտ ուզած եմ հայերէն սորվիլ առցանց եւ ճկուն ծրագիրի մը միջոցով: Շատ ուրախացայ երբ գտայ ՀՀՀ-ի կայքը: ՀՀՀ-ի մասին կարծիքները շատ դրական էին: Դասաւանդման մեթոտը հաճելի կ'երեւէր. թէ՛ հետեւողական եւ թէ՛ ճկուն ըլլալուն շնորհիւ:  Ես որոշեցի արձանագրուիլ եւ հետեւիլ: Առայժմ շատ գոհ եմ:


Ես հետեւած եմ ֆրանսերէնով դասաւանդուող արեւմտահայերէնի դասընթացքի եօթը մակարդակներուն: Դասերուն առցանց ու հեռավար ուսուցիչի մը ներկայութեամբ ըլլալը ինծի համար շատ յարմար է: Առայժմ, դասերը իմ ակնկալիքներէս շատ աւելի լաւ կ'ընթանան: Հայերէնի իմացութիւնս բաւականին յառաջացաւ: Դասերու բազմաբնոյթ բովանդակութեան շնորհիւ սորվիլը շատ հաճելի է: Մէկ խօսքով, ամէն ինչ շատ լաւ է եւ խրախուսող»:


Ռաֆայէլը հայերէն սորվելու կամ գիտելիքները բարելաւելու ցանկութիւն ունեցողներուն խորհուրդ կու տայ, որ հետեւին ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն: 


Ներկայիս ինք կը հետեւի Լեզուի դասընթացքի բարձր մակարդակին եւ կը փափաքի արձանագրուիլ նաեւ Պատմութեան դասընթացքին: Իր տպաւորութիւններուն մասին երբ խօսեցանք, այսպէս ըսաւ. 


«ՀՀՀ-ի Երեւանի գրասենեակ կատարած այցելութիւնս շատ աղուոր էր: Շատ ուրախ էի, որ անձամբ իմ հեռավար ուսոցչուհիիս հետ ծանօթանալու եւ գրասենեակի շէնքը տեսնելու առիթն ունեցայ»: 


Հեռավար ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեանի վկայութեամբ՝ «Ռաֆայէլը շատ աշխոյժ, հայասէր եւ հայրենասէր երիտասարդ մըն է: Պարտաճանաչ եւ գիտակից ուսանող է: Միշտ ոգեւորութեամբ կը մասնակցի ՀՀՀ-ի կազմակերպած առցանց ձեռնարկներուն եւ խմբային հանդիպումներուն: Մեծ սէր ունի հայերէնի եւ հայկական մշակոյթի հանդէպ»: