ՀՀՀ-ի Ել. Գիրքերը Ներկայացուեցաւ ԵԿՏԱ-ի Եւ ԵՊՀ-ի Զբօսաշրջութեան Ֆակուլտետի Ուսանողներուն
11/24/2016
ՀՀՀ-ի ել. գիրքերը, յատկապէս «Բացայայտենք Երեւանը» ելեկտրոնային ուղեցոյցը կը գրաւէ զբօսաշրջութեան զարգացման հետեւող լսարանի ուշադրութիւնը։ 2016 թուականի Նոյեմբերին, ՀՀՀ-ի ել. գիրքերու շարքը յատուկ դասախօսութեամբ ներկայացուեցաւ Եւրոպական Կրթական Տարածաշրջանային Ակադեմիայի (ԵԿՏԱ) զբօսաշրջութեան ֆակուլտետի եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի(ԵՊՀ) կայուն զբօսաշրջութեան կառավարման ֆակուլտետի ուսանողներուն:
Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 15-ին, ԵԿՏԱ-ի զբօսաշրջութեան ֆակուլտետի, երկրորդ դասախօսութիւնը` Նոյեմբեր 24-ին, ԵՊՀ-ի կայուն զբօսաշրջութեան կառավարման ֆակուլտետի մէջ։
ՀՀՀ-ի տրամադրած բազմաթիւ ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւն ստանալու համար, դասախօսութիւններուն ներկայ գտնուեցան մօտաւորապէս 80 աշակերտներ եւ դասախօսներ: ՀՀՀ-ի համագործակցութեան զարգացման պատասխանատու Նայիրա Գասպարեանը ծանօթացուց ՀՀՀ-ի ծրագիրը, իսկ ՀՀՀ-ի գիտաշխատող Տիգրան Եփրեմեան ներկայացուց ել. գիրքերու շարքը: Ան լսարանի ուշադրութիւնը հրաւիրեց յատկապէս «Բացայայտենք Երեւանը» ել. ուղեցոյցի վրայ:
Զբօսաշրջութեան ասպարէզի մասնագէտները ծանօթացան «Բացայայտենք Երեւանը» ել. գիրքին, որ նախատեսուած է թէ՛զբօսաշրջիկներուն, թէ՛ քաղաքի պատմական, ընկերային ու ժողովրդագրական տեղեկութիւններով հետաքրքրուողներուն: Ուսանողներուն յատկապէս հետաքրքրեցին միօրեայ շրջագայութիւնները, արշաւները, որոնք կ’օգնեն, որ այցելուները ինքնուրոյն շրջին քաղաքէն ներս։ Դասախօսութիւններու ընթացքին ՀՀՀ-ի անձնակազմը ցոյց տուաւ ել. գիրքի առանձնայատկութիւնները՝՝ տեսանիւթեր, առցանց շրջագայութիւններ, լուսանկարներ, եռաչափ նկարներ, ինչպէս նաեւ ցոյց տուաւ ել. գիրքը ներբեռնելու միջոցները:
Այս դասախօսութիւնները պիտի ունենան շարունակական բնոյթ: Այսպիսի դասախօսութիւններէն կ’օգտուին այն լսարանները, որոնք կը փափաքին Հայաստանը ամբողջ աշխարհին ներկայացնել՝ նորարարական մօտեցումով: