avc_logo

«Տպաւորուած Եմ. Համագործակցութեան Ուղիներ Կը Փնտռեմ» Ճոն Հեֆֆերնը՝ ՀՀՀ Այցելելէ Անմիջապէս Ետք

«Բարեւ, ես կը ներկայացնեմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները՝ Հայաստանի մէջ»։ Հայաստանի ԱՄՆ-ու դեսպան Ճոն Հեֆֆերնը, անկեղծ, քանի մը բառ փոխանակեց Աւստրալիա բնակող, սինկաֆորցի, Քարմոն Խուի հետ ...


ՀԲԸՄ-Ը Կը Ներկայացնէ Իր Առաջին Ելեկտրոնային Գիրքը

ՀԲԸՄ-ի առաջին բազմաբնոյթ ելեկտրոնային գիրքը՝ ‹‹ Հայկական Բարձրաւանդակ ›› վերնագիրով, նոր հարթակի վրայ կը մատուցէ հայոց պատմութիւնը։ Հայոց պատմութեան եւ հայկական մշակոյթի նուիրուած գիրքը կ՚անդրադառնայ, նաեւ, արդի նիւթերուն ...


ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը Մասնակցեցաւ «Ճատրակը՝ Դպրոցներու Մէջ» Միջազգային Համաժողովին

Հոկտեմբեր 17-ին, Հայկական Համացանցային Համալսարանը մասնակցեցաւ « Ճատրակը Դպրոցներու Մէջ » վերնագիրը կրող միջազգային համաժողովին եւ ներկայացուց ճատրակի դասաւանդման իր ոճը։ Հայաստանի մէջ, քանի մը տարիէ ...


ՀՀՀ-ի Հեռուստադպրոց Նախագիծը Կը Հեռարձակուի Հայաստանի Հանրային Հեռուստատեսութեան Արբանեակային Կապով

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համատեղ, կը ներկայացնէ ՀՀՀ-ի հեռուստադպրոց նախագիծը, որ պիտի հեռարձակուի Հայաստանի հանրային հեռուստատեսութեան արբանեակային կապով ...


Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-ի Մասնաճիւղը Հիւրընկալեց Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը

Տեղեկատուութեան եւ կապի ճարտարագիտական միջոցները չնչեցին հեռաւորութեան պատնէշները: Միասնական ըլլալու հայոց երազանքը, որ անիրական կը թուէր հազարաւոր տարիներ շարունակ, այժմ, իրականութիւն կը դառնայ համացանցի շնորհիւ ...


ՀՀՀ-ի Ճատրակի Դասընթացքներ՝ Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Մասնաճիւղէն Ներս

ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի մասնաճիւղի, ՀՀՀ-ի անձնակազմի եւ Գահիրէի ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ՝ Աննա Տոլապճեանի ջանքերով, Հոկտեմբեր 17-էն, ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի մասնաճիւղէն ներս տեղի կ՚ունենան ճատրակի դասընթացքներ։ Սոյն դասընթացքներուն իրենց մասնակցութիւնը ...


«Հայկական Բարձրաւանդակը» Ելեկտրոնային Գիրքը Ներկայացուեցաւ Երեւանի Բոլոր Դպրոցներու Ղեկավարներուն

Հոկտեմբեր 16–ին, Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր եւ նախագահ՝ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, Երեւանի բոլոր դպրոցներու տնօրէններուն ներկայացուց Հայկական Համացանցային Համալսարանի վերջին նախաձեռնութիւններէն մէկը՝ ելեկտրոնային գիրքերու շարքը ...


Հայերէնի Տարածումը Հիպրիդ Ծրագիրով

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիպրիդ ծրագիրը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ կրթական ճիշդ ծրագիր մըն է: Սփիւռք գտնուող հայկական տարբեր վարժարաններ սիրով կ՛ընդունին եւ կը կիրառեն ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրի նորարարական մօտեցումը՝ իրենց դասաւանդման մէջ ...


ՀՀՀ-ն Peace Corps-ի Հայաստանեան Գրասենեակի Գործընկերն Է

Հայաստանի եւ արտաքին աշխարհի միջեւ զարգացող յարաբերութիւններուն զուգահեռ կը զարգանայ նաեւ օտարներու պահանջքը՝ հայոց լեզուի իմացութեան: Այս նպատակին լաւագոյն ձեւով կը ծառայէ Հայկական Համացանցային Համալսարանը, որ 7 լեզուներով կը սորվեցնէ հայոց լեզուն ...


Թումանեանը՝ Իմ Աչքերով

Հայկական տարբեր գաղութներու եւ կրթական կեդրոններու մէջ, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, հիպրիդ ծրագիրով, կը շարունակէ յաջողութեամբ ծաւալել իր գործունէութիւնը: ՀՀՀ-ի ուսուցիչներու կազմակերպած Յովհաննէս Թումանեանի տուն- թանգարանի առցանց այցելութիւնը ...


 



 
 

Կապի Մէջ Մնացէք

ՀՀՀ-ի Մասին

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հայկական առցանց կրթութիւն առաջարկող հաւատարմագրուած առաջատար կառոյցներէն մէկն է։ Իր նպատակն է հայկական կրթութիւն տրամադրել՝ ճարտարագիտական նորագոյն միջոցներով։ ՀՀՀ-ի առցանց լսարանները, 2009-էն ի վեր, յատկացուած են այն ուսանողներուն, որոնք կարելիութիւնը չեն ունեցած հետեւելու հայկական աւանդական կրթական ծրագիրներուն։ Զուգահեռ, ՀՀՀ-ն օժանդակ նիւթեր կը տրամադրէ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին օգտուիլ իր տարբեր հնարաւորութիւններէն։ Ելեկտրոնային գիրքերու շարքի թողարկումը եկաւ հաստատելու, որ ՀՀՀ-ն կ’ընդլայնէ իր աշխատանքային ոլորտը, ընդգրկելով նոր ուղղութիւններ։