avc_logo

2015-ի Աւարտին ՀՀՀ –ի Ել. Գիրքերը Ունին Աւելի Քան 16,500 Ընթերցող

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի նախաձեռնութեամբ, հայկական նիւթերու վերաբերեալ ելեկտրոնային աղբիւրները զգալիօրէն աւելցան: ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ն սկսաւ մշակել իր ել. գիրքերու շարքի առաջին գիրքը 2014 -ին, երբ արդէն անհրաժեշտ էր բաւարարել ընթերցողներու պահանջքը, տրամադրելով հայագիտութեան բնագաւառի նիւթեր՝ մուլթիմետիա հարթակի վրայ...


ՀՀՀ-ը Մասնակցեցաւ DigiTec Expo 2015-ին

2-4 Հոկտեմբեր 2015-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) մասնակցեցաւ DigiTec Expo 2015-ին, որ տեղի ունեցաւ Երեւան Expo ցուցադրումներու համալիրին մէջ: ՀՀՀ-ն ցուցադրեց առցանց ուսուցման բնագաւառի իր ձեռքբերումները` շեշտելով Հայաստանի Ճատրակի Դաշնութեան հետ համատեղ մշակած առցանց ճատրակի ծրագիրը...


Դասախօսութիւն ՀՀՀ-ի Մասին - Իսթանպուլի Դպրոցներու Տնօրէններուն Եւ Ուսուցիչներուն Համար

ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի Նախագահ Երուանդ Զօրեանի այցելութիւնը, Իսթանպուլի հայկական գաղութին, փաստօրէն, հետաքրքրական աւանդոյթի մը վերածուեցաւ: 14 Դեկտեմբեր 2015-ին, “VADİP” կրթական յանձնաժողովի նախաձեռնութեամբ, Դոկտոր Զօրեանը, միօրեայ այցելութեամբ, կրկին ճամբորդեց դէպի Իսթանպուլ, հանդիպում մը ունեցաւ հայկական գաղութին հետ եւ ներկայացուց ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը...




 

Ընտանիք Եւ Դպրոց. Հայկական Կրթութիւն Ջամբելու Լաւագոյն Համադրումը

Հայկական կրթութիւն ջամբելը սկիզբ կ՚առնէ ընտանիքէն: Աւագ սերունդը պէտք է որ յանձն առնէ հայկական աւանդութիւնները, մշակոյթը, հաւատքն ու լեզուն կրտսեր սերունդին փոխանցելու պատասխանատուութիւնը: ԱՄՆ-ու Հիւսիսային Գարոլինա նահանգէն, Հայր Աբրահամ Յակոբեանը, միացած է ՀՀՀ-ին 2014-ի աշնանային ուսումնական շրջանէն...


Փարիզի Հայկական Դպրոցներու Տնօրէնները Քննարկեցին ՀՀՀ-ի Հիպրիդ Ծրագիրը

Նոյեմբերին, Փարիզ կատարած այցելութեան ընթացքին, ՀՀՀ-ի Հիմնադիր եւ Տնօրէն՝ Դոկտ. Ե. Զօրեանը ներկայ գտնուեցաւ ՀՀՀ-ի նուիրուած ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Մշակութային Կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ Փարիզի հայկական դպրոցներու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն:
Հանդիպումը սկիզբ առաւ Ֆրանսայի ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցչութեան Ատենապետ՝ Տիկ. Նատիա Գործունեանի ողջոյնի խօսքով...


ՀՀՀ-ի Հեռուստադպրոցը Արդէն Հասանելի Ռուսախօս Լսարանի Համար

2015-ը ՀՀՀ-ի համար նշանակալից էր մէկ այլ իրադարձութեամբ. հայոց լեզու սորվելու միջոց մը եւս աւելցաւ: 2014 թուականին անգլիախօսներուն համար նախագծուած եւ իրականացուած ՀՀՀ-ի հեռուստադպրոցը, 2015 -ի Հոկտեմբերին հասանելի եղաւ, նաեւ, ռուսախօս լսարանին համար: ՀՀՀ-ի հեռուստադպրոցը, որ մշակուած էր ՀՀ-ի սփիւռքի Նախարարութեան հետ միասին, հեռարձակուեցաւ Հ1-ի Հանրային Հեռուստաընկերութեամբ...


Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Համագործակցութիւնը ՀՀՀ-ի Հետ

6 Դեկտեմբեր, 2015-ին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը այցելեց Գահիրէ, հրապարակային 2 ձեռնարկներու մասնակցելու, ՀՀՀ-ի ուսանողներուն հետ հանդիպելու եւ առցանց կրթութեան ու ՀՀՀ-ի գործունէութեան մասին դասախօսելու համար։:
Գահիրէի Գալուստեան- Նուպարեան դպրոցի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, ՀՀՀ-ի նախկին ու ներկայ ուսանողներու եւ ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահի միջեւ...


ՀՀՀ-ն Տիթրոյթի ՀԲԸՄ-ի Ալեք Եւ Մարի Մանուկեան Դպրոցին Մէջ

ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան դպրոցը (Տիթրոյթ, ԱՄՆ), 2011-ի աշնանային ուսումնական շրջանէն ի վեր, ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրի հաւատարիմ մասնակիցներէն է։
ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան դպրոցին մէջ արեւմտահայերէնի դասընթացքները յաջողութեամբ կը կիրարկուին դպրոցի ծրագիրի կողքին։ Բացի այդ, ուսանողները կը մասնակցին հայկական մշակոյթի (ճարտարապետութիւն եւ երաժշտութիւն) առցանց դասընթացքներուն...


Հայկական Համացանցային Համալսարանը ArmTech Համաժողով’15-ին

12 եւ 13 Հոկտեմբեր 2015- ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ArmTech համաժողով’15-ը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայկական Համացանցային Համալսարանը: ArmTech համաժողովը շահոյթ չհետապնդող ընդհանուր ցանց է, որուն նպատակն է լուսաբանել Հայաստանի ճարտարագիտութեան բարձր ոլորտի աճը եւ զայն դարձնել ճանաչելի բոլորի կողմէ...


Ժառանգութեան Եւ Յիշատակման Նուիրուած Սեմինար Պուտաբեշտի Մէջ

Հոկտեմբեր 16- 18-ը Պուտաբեշտի մէջ «Եւրոպայի Սփիւռք» ծրագիրի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ «Ժառանգութիւն Եւ Յիշատակում» խորագիրով սեմինար: Սեմինարը տեղի ունեցաւ կազմակերպութեամբ Եւրոպայի ՀԲԸՄ –ի, Phiren Amenca եւ EUJS-ի 33 մասնակիցներու։ Նպատակն էր քննարկել սփիւռքի մշակութային ժառանգը...


ՀՀՀ-ի Ճատրակի Վկայագիրներու Տուչութիւն Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Մէջ

24 Հոկտեմբեր 2015-ին, Գահիրէի ՀԲԸՄ–ի մասնաճիւղի Հելիոպոլիսի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀՀ –ի ճատրակի դասընթացքի վկայագիրներու տուչութիւն եւ մշակութային ձեռնարկ: Ձեռնարկի ժամանակ Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի Ատենապետ Դոկտոր Վիգէն Ճիզմէճեանը, Եգիպտոսի ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ Աննա Տոլապճեանը եւ ՀՀՀ-ի ճատրակի հիպրիդ ծրագիրի ուսուցիչ Վարդան Շուշանեանը վկայագիրներ յանձնեցին...


ՀՀՀ-ի Հանդիպումը CPA Կազմակերպութեան Հետ, Փարիզ

2015-ի Նոյեմբերին, Փարիզ կատարած այցելութեան ընթացքին, ՀՀՀ –ի Հիմնադիր եւ Նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը հիւրընկալուեցաւ «Հայ Արհեստավարժ Մասնագէտներու Խումբ»ի (CPA) հերթական հանդիպումին:
Հանդիպումը սկիզբ առաւ կազմակերպութեան հիմնադիր ղեկավար Պրն. Էրիկ Տատեանի բացման խօսքով: Վերջինս ներկայացուց Դոկտոր Զօրեանը եւ անոր ծաւալած գործունէութիւնը...


ՀՀՀ-ի Բեղուն Համագործակցութիւնը Սան Փաոլոյի Դուրեան Ազգային Վարժարանի Հետ

ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի հիպրիդ կրթութեան ծրագիրը յաջողութիւն մը եւս արձանագրեց Սան Փաոլոյի Դուրեան ազգային վարժարանին մէջ:
Այս վարժարանը ՀՀՀ –ի հիպրիդ ծրագիրին միացած է 2011-ի գարնանային ուսումնական շրջանէն , ընդունելով հիպրիդ կրթութեան, այսինքն աւանդական եւ առցանց կրթութեան զուգորդումի առաւելութիւնները։ Այդ շրջանէն ի վեր եղած է ՀՀՀ-ի իսկական բարեկամը։ Աւելի քան 80 ուսանող աւարտած է ՀՀՀ-ի դասընթացքները...


Բեքինի ՀՀ Դեսպանութիւնը Հիւրընկալեց ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահը

2015-ը ՀՀՀ-ի առջեւ շարունակեց բանալ նոր հորիզոններ, Ասիոյ մէջ, Սեպտեմբերին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեանի Բեքին կատարած այցելութենէն ետք ։
ՀՀՀ–ի ծրագիրները նախապէս ներկայացուած էին Չինաստանի մեծ քաղաքներէն՝ Հոնկ Քոնկի մէջ: Դոկտոր Զօրեանի Բեքին կատարած այցելութիւնը առիթ էր ամրապնդելու կապերը Չինաստան եւ յատկապէս Բեքին բնակուող, սորվող եւ աշխատող հայերու հետ...


ՀՀՀ-ի Ընդարձակումը

ՀՀՀ-ն կը շարունակէ ընդլայնել համագործակցութեան սահմանները հայկական դպրոցներուն հետ։ Վերջերս դպրոցներու շարքը համալրուեցաւ, Երեւանի Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարանի մասնակցութեամբ: 11 Դեկտեմբեր 2015-ին, ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի անձնակազմը հիւրընկալուեցաւ Երեւանի Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարանէն ներս։ ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը հրաւիրուած էր ելոյթ ունենալու բարձր դասարաններու աշակերտներուն համար...


Ամման, Յորդանան-Նոր Վայր ՀՀՀ-ի Ընդլայնուած Քարտէզի Վրայ

17 Դեկտեմբեր 2015-ին, Ամմանի հայկական գաղութը հիւրընկալեց ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը, որ հանդէս եկաւ յատուկ դասախօսութեամբ : Ան ներկայացուց ՀՀՀ-ի նպատակները, ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ նոր հեռանկարները եւ առաջարկները՝ Ամմանի հայկական գաղութին:
Գաղութի տեղւոյն խորհուրդի ջանքերուն շնորհիւ...

 

Կապի Մէջ Մնացէք

ՀՀՀ-ի Մասին

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հայկական առցանց կրթութիւն առաջարկող հաւատարմագրուած առաջատար կառոյցներէն մէկն է։ Իր նպատակն է հայկական կրթութիւն տրամադրել՝ ճարտարագիտական նորագոյն միջոցներով։ ՀՀՀ-ի առցանց լսարանները, 2009-էն ի վեր, յատկացուած են այն ուսանողներուն, որոնք կարելիութիւնը չեն ունեցած հետեւելու հայկական աւանդական կրթական ծրագիրներուն։ Զուգահեռ, ՀՀՀ-ն օժանդակ նիւթեր կը տրամադրէ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին օգտուիլ իր տարբեր հնարաւորութիւններէն։ Ելեկտրոնային գիրքերու շարքի թողարկումը եկաւ հաստատելու, որ ՀՀՀ-ն կ’ընդլայնէ իր աշխատանքային ոլորտը, ընդգրկելով նոր ուղղութիւններ։