login
Ճատրակի համահայկական համայնք

8-26 Յունիս, 2020-ին, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիայի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Ճատրակի համահայկական առաջին առցանց մրցաշարքը: Համավարակի պատճառով մէկուսացած բազմաթիւ հայ ուսանողներ եւ ճատրակորդներ, որոնք միեւնոյն հետաքրքրութիւնը ունէին, կուզէին իրարու հետ կապի մէջ գտնուիլ: ՀՀՀ-ը իր բազմամեայ փորձառութեամբ այդ կապը կրցաւ ստեղծել:
 

Մրցաշարքին միացան 520 մասնակիցներ, 36 տարբեր երկիրներէ եւ 5 տարածաշրջաններէ՝ Ամերիկաներ, Հայաստան եւ Արցախ, Եւրոպա, Միջին Արեւելք եւ Ափրիկէ, Ասիա եւ Ովկիանիա։ Մրցաշարքը կազմակերպուած էր երկու հանգրուանով՝ հինգ շրջանային կիսաեզրափակիչ եւ երեք եզրափակիչ խաղեր, դէպի ՃՀՀ –ի առաջնութեան տիտղոսին: Մրցանքի ընթացքին մասնակիցները, իրենց հմտութիւնները զարգացնելու եւ խաղերուն պատրաստուելու համար, ՀՀՀ-ի ճատրակի դասընթացքներուն հետեւելու եւ հայ ճատրակորդներու հետ առցանց դասեր կատարելու հնարաւորութիւնը ունեցան: Երեք մրցանակակիրներու անունները յայտարարուեցան մրցաշարքի փակման արարողութեան ընթացքին:
 

Այս յղումով կրնաք դիտել Ճատրակի համահայկական մրցաշարքի փակման առցանց արարողութեան տեսագրութիւնը․ https://www.youtube.com/watch?v=D6lSINT-6Rs:
 

Մրցաշարքի նպատակը ոչ թէ միայն նոր տաղանդներ յայտնաբերելն էր, այլ հայ ճատրակասէրներու համայնք ստեղծելը: Այսօր ՀՀՀ-ը այդ հարթակը կը շարունակէ պահել, առաջարկելով հմտութիւններու զարգացումին եւ հաղորդակցային կապերու հաստատումին ուղղուած նոր գաղափարներ ու ծրագիրներ:
 

Ճատրակի համահայկական 2-րդ ճամբարը եւ մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ 2021 թուականին, Յուլիս 26-էն մինչեւ Օգոստոս 21,  մեծ յաջողութեամբ ընթացաւ:   Առաջին տարուան յաջողութենէն ետք, 2-րդ մրցաշարքի կազմակերպիչները ծրագիրը հարստացուցին եւ ընդլայնեցին: Մրցաշարքին նախորդեց մէկշաբաթեայ ճամբար, կազմակերպուեցան մասնագիտական դասեր եւ առցանց խաղեր: Բոլոր մասնակիցները վկայականներ ստացան, իսկ յաղթողները՝ մրցանակներ։
 

Այս յղումով կրնաք դիտել Ճատրակի համահայկական 2-րդ ճամբարի եւ մրցաշարքի փակման առցանց արարողութեան տեսագրութիւնը․ https://www.youtube.com/watch?v=JRyT9lZyKzE:
 

Ճատրակի համահայկական 3-րդ ճամբարը եւ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ սոյն թուականի Յուլիսի 24-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2։

Արձանագրուեցէ՛ք