login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ը Պիտի Հրապարակէ ՀԲԸՄ-ի Մէկդարեայ Պատմութիւնը՝ Ել. Տարբերակով 12/02/2016

2 Դեկտեմբեր, 2016-ին ՀԲԸՄ-ի 110 -ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն ընթացքին, ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ը պաշտօնապէս ներկայացուց իր երրորդ ել. գիրքը՝ «Դար Մը Պատմութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» երկհատորեակը։

 

Ռայմոնտ Յ. Գէորգեանի եւ Վահէ Թաշճեանի հեղինակութեամբ երկհատորեակի բնօրինակը լոյս տեսած է 2006-ին, Միութեան հարիւրամեայ յոբելեանին։ ՀԲԸՄ-ի 110ամեակին, հետեւելով ՀԲԸՄ-ի ձգտումներուն եւ փորձառութեան վերարժեւորման՝ կրթութեան եւ ուսուցման բնագաւառներէն ներս, գիրքը պիտի ներկայացուի նոր տարազումով։ Երկը ամբողջովին հարազատ պիտի մնայ բնօրինակին։ Մուլթիմետիա առանձնայատկութիւնները, ինչպէս՝ ձայնագրութիւններ, տեսանիւթեր եւ ժամանակագրութիւններ պիտի աւելնան, երկհատորեակը թուայնացնելու, հարստացնելու եւ նոր սերունդի ընթերցողներու ակնկալիքները բաւարարելու միտումով։

 

«Դար Մը Պատմութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» գիրքի առաջին հատորը կը ներկայացնէ ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն՝ 1906-էն մինչեւ 1940-ական թուականները։ Հիմնուելով արխիւային հարուստ նիւթերու, նկարներու եւ ժամանակագրութեան վրայ, ել. գիրքը կը ներկայացնէ ՀԲԸՄ-ի առաքելութիւնն ու բարեսիրական գործունէութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմէն ետք։ Ընթերցողները տեղեկութիւններ կը ստանան ցեղասպանութենէն վերապրածներուն եւ որբերուն մատուցուած ծառայութիւններուն մասին, ՀԲԸՄ-ի վերակազմաւորումին եւ Փարիզ տեղափոխուելուն, Խորհրդային Հայաստանի հետ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ ծաւալած գործունէութեան մասին։ Ել. գիրքը բացառիկ աղբիւր է անոնց համար, որոնք կը փափաքին ուսումնասիրել սփիւռքի պատմութիւնը, հայկական աշխարհի վերականգնումը եւ բարդ յարաբերութիւնը՝ սփիւռքի ու Խորհրդային Հայաստանի միջեւ։

 

«Դար Մը Պատմութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան» գիրքի երկրորդ հատորը կը նրկայացնէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գործունէութիւնը 1941 – 2006։ Արխիւային նիւթերու, մանրամասն տուեալներու, ինքնատիպ նկարներու եւ տեսանիւթերու միջոցով, ել. գիրքը կը ներկայացնէ կրթական, մշակութային եւ մարզական գետնի վրայ ՀԲԸՄ-ի բեղուն աշխատանքը։ Կ՚անդրադառնայ Միջին Արեւելքի ճգնաժամին եւ անոր ազդեցութեանը՝ հայերու վրայ, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ ՀԲԸՄ-ի յարաբերութիւնը Խորհրդային Հայաստանի, ապա՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Աւարտին կը տեսնենք ՀԲԸՄ-ի լայնածաւալ գործունէութեան եւ ծրագիրներու ընդհանուր պատկերումը։