login
Յօդուածներ
Փոխգործակցութեան Նոր Աշխատակազմ՝ Ռումանիայի Մայրաքաղաք Պուխարեսթի Մէջ 05/28/2015
ՀՀՀ-ի հիմնադիր եւ նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեան եռօրեայ այցով կը մեկնի Ռումանիա, կ՚այցելէ Պուխարեսթ եւ Գլուժ (Գեռլա/Արմենոպոլիս հայկական քաղաքի մօտ): Գաղութի ղեկավարներու եւ անդամներու հետ հանդիպելէ ետք, Ռումանիայի մէջ կը կազմուի ՀՀՀ-ի փոխգործակցութեան աշխատակազմը, որ պիտի նպաստէ ՀՀՀ-ի անհատական եւ հիպրիդ ուսուցման ծրագիրներու տարածմանը՝ Ռումանիայի մէջ: Դոկտոր Զօրեան, Պուխարեսթի ու Գլուժի մէջ բազմաթիւ հանդիպումներ կ՚ունենայ եւ ՀՀՀ-ը կը ներկայացնէ գաղութի անդամներուն: Երիտասարդ ղեկավարներէն շատեր կ՚արտայայտեն իրենց ոգեւորութիւնը, շեշտելով, որ ՀՀՀ-ը կրնայ նպաստել Ռումանիայի մէջ հայկական կրթութեան զարգացմանը: Գաղութի գործունեայ անդամներ՝ Յասմիկ Դանիէլեանը եւ Լուիզա Դանազիէն, Ճորճ Նազարեանուի գլխաւորութեամբ, յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը։ Անոնք, Ռումանիայի հայերուն ՀՀՀ-ի ծրագիրներուն մասին իրազեկ պիտի պահեն: Աշխատակազմի դիտաւորութիւնն է տեղական ներկայացուցիչներ ունենալ Ռումանիայի քաղաքներուն մէջ եւ ՀՀՀ-ն ներկայացնել տեղւոյն հայերուն: Այս այցելութիւնը համալրեց Դոկտոր Զօրեանի կատարած այցելութիւններու շարքը, որուն նպատակն է ներկայացնել ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ եւ ստեղծել համագործակցութեան նոր ոլորտներ: