login
Յօդուածներ
Երուսաղէմի Ս. Թարգմանչաց Հայկական Վարժարանի Միացումը ՀՀՀ-ի Հիպրիթ Ծրագիրին 12/05/2016

ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը միշտ նոր յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ եւ ուսուցման նորարարութիւններով մեծ հետաքրքրութիւն կ՚առաջացնէ։ Երուսաղէմ կատարած իր վերջին այցելութեան ժամանակ, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Երուանդ Զօրեանը հանդիպեցաւ Ս. Թարգմանչաց հայկական վարժարանի տնօրէնին հետ։ Վարժարանը արդէն նախատեսած էր ՀՀՀ-ի հայոց պատմութեան դասընթացքը ընդգրկել իր ծրագիրէն ներս։

 

Վարժարանի տնօրէն Տ. Նորայր Վրդ. Գազազեանի եւ պատմութեան ուսուցիչ Յարութ Պաղամեանի հետ հանդիպելու ընթացքին, Դոկտ. Զօրեանը ընդգծեց հիպրիթ կրթութեան առաւելութիւնները, ցոյց տալով, որ այս ծրագիրը կը զուգորդէ աւանդական եւ առցանց կրթութիւնը։ Շեշտեց յատուկ պատշաճեցուած դասընթացքներ տրամադրելու հնարաւորութիւնը ՝ դպրոցներուն եւ միութենական կեդրոններուն կարիքներուն համաձայն։ Վարժարանը, մօտիկ ապագային, մտադիր է միանալու հիպրիթ ծրագիրին, որպէսզի օգտուի հիպրիթ ծրագիրի առաւելութիւններէն եւ ՀՀՀ-ի ընկերային-մշակութային ձեռնարկներէն։ Այդպիսի ձեռնարկներու շնորհիւ, ՀՀՀ-ը եւ Ս. Թարգմանչաց հայկական վարժարանը կը նպաստեն, որ ուսանողները ամրապնդեն իրենց կապը հայրենիքի հետ, ապահովելով հաղորդակցութիւնը՝ աշխարհասփիւռ հայերու միջեւ։

 

Դոկտ. Զօրեանը հանդիպեցաւ նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին հետ։ Պատրիարքը բարձր գնահատեց ՀՀՀ-ի ծաւալած հայանպաստ գործունէութիւնը, կարեւորելով հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի ուսուցանումը եւ ել. գիրքերու հրապարակումը։ Դոկտ. Զօրեան հանդիպեցաւ նաեւ «Սիոն» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Մինաս Գոճոյեանի հետ եւ քննարկեց գործակցութեան յետագայ ծրագիրները՝ տարբեր ոլորտներէ ներս։

 

Դոկտ. Զօրեանի այս այցելութիւնը համագործակցութեան նոր հիմք մը հանդիսացաւ։