login
Յօդուածներ
Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-ի Մասնաճիւղը Հիւրընկալեց Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը 09/04/2014
Տեղեկատուութեան եւ կապի ճարտարագիտական միջոցները չնչեցին հեռաւորութեան պատնէշները: Միասնական ըլլալու հայոց երազանքը, որ անիրական կը թուէր հազարաւոր տարիներ շարունակ, այժմ, իրականութիւն կը դառնայ համացանցի շնորհիւ: ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ), վերջերս, Մոնթրէալի հայերը համախմբեց իր մեծ, հայկական համացանցով։ 4 Սեպտեմբեր 2014 –ին, Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղը հիւրընկալեց Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը: Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան սրահէն ներս, Դոկտոր Զօրեանը դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ ի ներկայութեան Մոնթրէալի հայկական գաղութի ներկայացուցիչներու, ՀԲԸՄ-ի երիտասարդ անդամներու, Գանատա բնակուող ՀՀՀ-ի ուսանողներու եւ բազմաթիւ հետաքրքրուողներու: Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղի Ատենապետ՝ Պրն. Շահէ Թանաշեանը, իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց ՀՀՀ-ի կարեւոր դերը, սփիւռքի հայերուն մայրենի լեզուն սորվեցնելու առումով: Դոկտոր Երուանդ Զօրեան ողջունեց գանատական համայնքը եւ մանրամասն ներկայացուց ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը: Ելոյթէն ետք, երբ հարցադրումներ ներկայացնելու առիթն տրուեցաւ , պարզուեցաւ, որ ՀՀՀ-ի առցանց ուսուցիչներու միջոցով դասաւանդուող լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի դասընթացքները շատ կը հետաքրքրեն ներկաները, յատկապէս, Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-ի դպրոցի ուսուցիչները: Հանդիպմանը անձամբ եւ առցանց դրութեամբ ներկայ էին, նաեւ, Գանատա բնակուող ՀՀՀ-ի ուսանողները եւ շրջանաւարտները։ Անոնք խօսեցան առցանց կրթութեան կարեւորութեան եւ արդիւնաւէտութեան մասին: Անոնց ելոյթները ներկաներու համար իրական վկայութիւններ էին: Ակնյայտ է, որ ՀՀՀ-ի որդեգրած ուսուցման նորարարական մօտեցումը կրնայ, կրթական ասպարէզէն ներս, նոր հորիզոններ բանալ, Հայաստանի սահմաններէն դուրս ապրող հայերուն համար: Դասախօսութիւնը հասաւ իր նպատակին, բացայայտելով «Ով Ենք Մենք Եւ Ինչ Կ՚ընենք ՀՀՀ-ի Մէջ» բնաբանը, որ ջերմօրէն ընդունուեցաւ Մոնթրէալի հայկական գաղութի կողմէ: