login
Յօդուածներ
Գաղթականներու Առաջին Խումբը Յաջողութեամբ Ամբողջացուց Հայերէն Լեզուի Դասընթացքը 10/07/2018

Ուսանողներու առաջին խումբը յաջողութեամբ ամբողջացուց հայերէն լեզուի 60 ժամեայ դասընթացքը, որ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը առաջարկած էր գաղթականներուն եւ փախստականներուն համար։ ՀՀ Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութեան հետ կնքուած համագործակցութեան համաձայն, ՀՀՀ-ը տրամադրեց հայերէն լեզուի դասընթացքներ՝ գաղթականներուն եւ փախստականներուն, որպէսզի աւելի դիւրին ներգրաւուին Հայաստանի ընկերային կեանքի մէջ։

2018-ի Յունիսէն, աւելի քան 20 մասնակից, ներառեալ սուրիահայեր եւ իրաքահայեր, շաբաթական դրութեամբ մասնակցեցան ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Անի Տեկիրմէնճեանի վարած դասընթացքներուն։ Ուսանողները բաժնուեցան երկու խումբի՝ ըստ լեզուի իմացութեան մակարդակի, իսկ դասընթացքները կիրառուեցան առցանց եւ աւանդական կրթութեան համադրութեամբ։

Իվան Գրիգորեանը, որ վերջերս Իրաքէն Հայաստան գաղթած է իր ընտանիքին հետ, կը նշէ.«Երբ ես եւ կինս մասնակցեցանք դասերուն, մենք քիչ մը կը հասկնայինք հայերէն, բայց չէինք կրնար խօսիլ։ Այս դասընթացքներըմեր նոր կեանքին հետ աւելի դիւրին յարմարուելու առիթը ընծայեցին»։ Ան կը շարունակէ խօսքը, ըսելով.«Հիմա ես աւելի դիւրին կրնամ հաղորդակցիլ եւ խօսիլ աշխատանքի ընթացքին եւ կամ հեռաձայնով։ Այս դասընթացքները իսկապէս օգտաշատ էին»։

Իվանը եւ իր կինը դասընթացքը յաջողութեամբ ամփոփածեւ վկայագիր ստացած ուսանողներէն են։ Անոնց յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունի ՀՀՀ-ի ունեցած փորձառութիւնը՝ առցանց կրթութեան մարզէն ներս։

ՀՀՀ-ը դասընթացքի ընթացքին կազմակերպեց նաեւ արտադասարանային ձեռնարկներ։ Ուսանողները, օրինակ, Մատենադարան այցելելու եւ հայ ժողովուրդի հարուստ պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթանալու առիթը ունեցան։