login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Ճատրակի Վկայագիրներու Տուչութիւն Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Մէջ 10/24/2015
24 Հոկտեմբեր 2015-ին, Գահիրէի ՀԲԸՄ–ի մասնաճիւղի Հելիոպոլիսի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀՀ –ի ճատրակի դասընթացքի վկայագիրներու տուչութիւն եւ մշակութային ձեռնարկ: Ձեռնարկի ժամանակ Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի Ատենապետ Դոկտոր Վիգէն Ճիզմէճեանը, Եգիպտոսի ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ Աննա Տոլապճեանը եւ ՀՀՀ-ի ճատրակի հիպրիդ ծրագիրի ուսուցիչ Վարդան Շուշանեանը վկայագիրներ յանձնեցին ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի ճատրակի ակումբի անդամներուն` ՀՀՀ ճատրակի դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտելու առիթով: Գահիրէի ՀԲԸՄ–ի գրասենեակի, Եգիպտոսի ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ Աննա Տոլապճեանի եւ ՀՀՀ-ի անձնակազմի համատեղ ջանքերուն շնորհիւ, 2014-ի Հոկտեմբերին Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի մէջ բացուեցաւ ճատրակի դասարան: Ճատրակի դասընթացքի ուսանողներուն տրամադրուեցաւ ոչ միայն լաւ մշակուած առցանց դասընթացք, այլ նաեւ հնարաւորութիւն, որ իրենց գիտելիքները գործնականօրէն կիրառեն ՀՀՀ –ի ճատրակի դասընթացքի առցանց ուսուցիչ Վահագն Քալանթարեանի հետ՝ ճատրակի մրցաշարքերու ընթացքին: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Ատենապետ Դոկտոր Վիգէն Ճիզմէճեանի ողջոյնի խօսքով։ Ապա, ՀՀՀ-ի ներկայացուցիչ Աննա Տոլապճեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի առցանց ծրագիրները եւ հիպրիդ կրթութեան ծրագիրը: Ուսանողներուն շնորհաւորելու համար, ձեռնարկին միացաւ նաեւ ՀՀՀ-ի անձնակազմը: ՀՀՀ –ի կրթական բաժինի Տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը, ՀՀՀ-ի ճատրակի առցանց ուսուցիչ Վահագն Քալանթարեանը եւ ՀՀՀ-ի համագործակցութեան զարգացման բաժինի մասնագէտ Նայիրա Գասպարեանը ողջունեցին ներկաները եւ շնորհաւորեցին ուսանողները: Ձեռնարկի ընթացքին հնչեց երաժշտական կատարում։ Իսկապէս գեղեցիկ ձեռնարկ էր։ Գահիրէի ՀՀՀ-ի ճատրակի ծրագիրի յաջողութիւնը գումարուեցաւ այլ գաղութներու եւ դպրոցներու յաջողութիւններուն, որոնց հետ ՀՀՀ-ն սիրով կը համագործակցի հիպրիդ կրթութեան ծրագիրի ծիրէն ներս։