login
Յօդուածներ
Եւրոպայի ՀԲԸՄ-ը Կ’ուսումնասիրէ Առցանց Ուսուցման Հնարաւորութիւններու Ընդլայնումը ՀՀՀ-ի Հետ 01/28/2017

28 եւ 29 Յունուար, 2017-ին, Եւրոպայի ՀԲԸՄ-ի շրջանակէն մօտաւորապէս 40 անդամ, Պրիւքսէլի մէջ ներկայ գտնուեցան Եւրոպայի ՀԲԸՄ-ի ժողովին, մշակելու համար յառաջիկայ հինգ տարիներու ռազմավարութեան ծրագիրը:

Եւրոպայի ՀԲԸՄ-ի ռազմավարութեան չորս հիմնական սիւներէն է՝ լեզուն եւ ժառանգութիւնը: Այս առումով, առանցքային որոշում հանդիսացաւ ՀՀՀ-ի միջոցով առցանց ուսուցման հնարաւորութիւններու հզօրացումը: Աշխատանքային չորս հանդիպումներէն մէկը ամբողջովին նուիրուած էր այս հարցի քննարկման եւ իրագործման: Աշխատանքային այս հանդիպումը համակարգած էր ՀՀՀ-ի հիմնադիր Դոկտ. Ե. Զօրեանը:

Մասնակիցները հաստատեցին, որ Եւրոպայի հայերու լեզուական եւ մշակութային ժառանգը պահպանելու լաւագոյն միջոցը ՀՀՀ-ի առցանց ծրագիրն է։ Գործօն քննարկումներու ընթացքին, Դոկտ. Զօրեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի տեսլականը եւ առցանց ուսուցման կարեւորութիւնը՝ հայագիտական կրթութիւնը սփիւռքին հասանելի դարձնելու առումով: Մասնակիցները մատնանշեցին այն հնարաւորութիւնները, որոնք կրնան նպաստել լեզուի եւ ժառանգութեան պահպանմանը: