Այս Ամենը Սիրոյ Մասին Է

Էլիզիա Սարգսեանը, ԱՄՆի Օհայո նահանգին մէջ, իր աշխատավայրը հանդիպեցաւ ծնունդով Հայաստանցի ամուսինին: 2005 թուականին ամուսնացան: Հակառակա անոր որ Էլիզիան ազգութեամբ հայ չէ, սակայն ան հայկական մշակոյթով եւ պատմութեամբ շատ հետաքրքուած է : Իր երկու աղջիկ զաւակներուն ծնունդէն ետք որոշեց հայերէն սորվիլ:

Elysia Sargsyan «Լեզուն սորվիլը ինծի համար շատ կարեւոր էր. ես երեք կարեւոր պատճառ ունէի»,- Էլիզիան ըսաւ: «Առաջինը, որպէսզի Հայաստան ապրող ամուսինիս ծնողքին հետ հաղորդակցուիմ: Երկրորդը, կը փափաքիմ իմ աղջիկներուս սորվեցնեմ, որպէսզի իրենք միշտ յիշեն իրենց ժառանգութիւնը եւ մայրենի լեզուն: Իսկ երրորդը, կը փափաքիմ մասնակցիլ Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի գործունէութեանը (COAF): Հոն ես պէտք է հայերէնով յարաբերիմ»:

Էլիզիան կատակախօսելով նշած է, չնայած անոր որ իր ամուսինը լաւ հայերէն կը խօսի , սակայն «լաւ ուսուցիչ չէ», այդ պատճառով ալ ան ստիպուեցաւ հայերէն սորվելու տարբերակներ փնտռել:
Հայաստանի մէջ Էլիզիային կեսուրը կը հանդիպի ամերիկացուհիի մը, ով հայերէն շատ լաւ կը խօսէր: Երբ կը հարցնէ ինչպէս եւ ուր սորված է այդքան լաւ խօսիլը, ան Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) անունը կու տայ: Էլիզային կեսուրն ալ խորհուրդ կու տայ իրեն ՀՀՀի մէջ արձանագրուիլ:

Էլիզիային անհրաժեշտ էր միջոց մը, որը կը յարմարէր իրեն եւ չէր խանգարէր իր աշխատանքին, ամուսնական կեանքին, ինչպէս նաեւ վեց եւ երեք տարեկան զաւակներուն դաստիարակութեանը: «ՀՀՀն իր ճկունութեամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ իմ լաւագոյն ընտրութիւնս էր»,- ըսաւ Էլիզիան: ՀՀՀն շարք մը օնլայն դասընթացքներ կը տրամադրէ: Այդ դասընթացքներէն մէկը հայոց լեզուն է` սկսնակէն մինչեւ բարձրագոյն մակարդակները: Այն կատարեալ է այն մարդկանց համար, որոնք դասերը իրենց կենսակերպին պէտք չէ խանգարէ:

Այսօր, Էլիզիան իր ամուսինին հետ հայերէն կրնայ խօսիլ, նոյնիսկ կը սրբագրէ իր սխալները: Ան նաեւ իր զաւակներուն կը սորվեցնէ: Աղջիկները մեծ սիրով կը սորվին , նոյնիսկ ուրախ են որ իրենց «մայրիկին հետ խօսելու գաղտնի լեզու» ունին եւ որ այդ լեզուն իրենց ընկերները չեն հասկնար: Այն օրը երբ իր զաւակները իրեն ողջոյնեցին մեծ ժպիտով եւ «բարի լոյս»-ով, ան զգաց որ որպէս ուսուցիչ շատ մեծ գործ մը կատարած է:

Երբ հարցուցին, հայերէն սորվելու ընթացքին ամենադժուարը ի՞նչ էր, Էլիզիան պատասխանեց . «Դժուար էր բոլորովին նոր այբուբեն եւ հնչիւններ սորվիլը: Երբեմն ալ անգլերէնի ամենապարզ բառերը եւ նախադասութիւնները հայերէնին մէջ կը դառնային երկար բառեր կամ բարդ նախադասութիւններ: Բայց ես կը սիրեմ հայերէնը»: Ան նշեց նաեւ, իր օնլայն ուսուցչուհիին ` Մարինա Խաչատուրեանին աջակցութիւնը եւ մեծ պատրաստակամութիւնը: Իր անձնական փորձը նկատի առնելով, ան խորհուրդ կու տայ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին հայերէն սորվիլ եւ որակեալ կրթութիւն ստանալ արձանագրուիլ եւ միանալ ՀՀՀին:

Էլիզիան յոյս ունի , որ ՀՀՀն օր մը կ՛առաջարկէ նաեւ եկեղեցւոյ պատմութեան դասընթացքներ եւ առիթ կ՛ ունենայ իր կրթութիւնը շարունակելու հայկական մշակոյթի բնագաւառը ուսումնասիրելով : Ան առաջին անգամ իր ընտանիքին հետ Հայաստան պիտի այցելէ 2015 թուականին, ամռան եւ պիտի ցանկանայ ցոյց տալ հայերէն լեզուի իմացութիւնը : ՀՀՀի շնորհիւ…

Հեղինակ՝ Լենա Թաշճեան

ՀՀՀ-ի մասին

ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վելլի մասնաճիւղի նախաձեռնած Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) աշխարհի հայկական օնլայն կրթութիւն շնորհող առաջատար կառոյցներէն մէկն է: 2009թ-էն ծնունդ առաւ ՀՀՀի առցաց լսարանները հասանելի են հայկական կրթութեամբ հետաքրքրուած անձերու համար: Հայոց լեզուի, պատմութեան, հայկական մշակույթի եւ ճատրակի ՀՀՀի դասընթացքները 7 լեզուով կը դասաւանդուի՝ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն:

ՀՀՀն օնլայն դասեր ստեղծուած են այն ուսողներուն համար, որոնք կարելիութիւն չունին մասնակցելու աւանդական հայկական կրթական ծրագիրներուն եւ հայկական կրթութիւն ստանալու: Այս իւրայատուկ աղբիւրներէն օգտվելու կարելիութիւն ընձեռելու նպատակով, դասերը պատրաստուած են ուսանողներուն անհատական պահանջներով՝ անկախ տարիքէ, բնակութեան վայրէ կամ ալ գիտելիքներու մակարդակէ:

Աշխարհի վրայ օնլայն կրթութեան վերջին զարգացումներուն հետ` ՀՀՀի առաքելութիւնն է ստեղծել օնլայն կրթական համայնք` ամրացնելով մշակութային, կրթական եւ սոցիալական կապերը: Մինչ այսօր ՀՀՀի դասընթացքներուն մասնակցած են 3000 ուսանող 65 երկիրներէ ` ստանալով հայկական կրթություն` միշտ եւ ամեն տեղ:


ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՓՈԽԵԼ | ԿԱՐԾԻՔ | ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻԼ | ԴԻՒԱՆ

Հեղինակային իրաւունքներ © ՀԲԸՄ ՀՀՀ 2014 www.avc-agbu.org Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են:
Դուք համակարգի կողմէ ճանչուած էք որպէս Հայկական Համացանցային Համալսարանի վերաբերող նորութիւններով հետաքրքրուած անձ


ՕՆԼԱՅՆ ՅՂՈՒՄՆԵՐ
ՀՀՀ Գործունէութիւնը

www.avc-agbu.org

ՀՀՀ Նորութիւնները

ՀՀՀ Նորութիւնները Ստանալ


Հայկական Համացանցային Համալսարանին յայտարարութիւնը

2014 Ամառնային Ուսումնական Շրջան

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ ՀԻՄԱ

Արձանագրուելու համար այցելեցէք ՀՀՀ կայք

www.avc-agbu.org,

Ունեցէք Ձեր մուտքանունը եւ նշանաբառը եւ ամբողջացուցէք արձանագրութեան թերթիկը

Եթէ հարցումներ ունենաք, գրեցէք այս հասցէին
enrollment@avc-agbu.org






Facebook Linkedin Google+ Vkontakte Twitter Youtube

Skype: AVC-AGBU

Հեռ. (+374 10) 51 22 61

Հեռ: (+374 96) 51 22 61