ՀՀՀի Ընձեռած Կարելիութիւնը Հայկական Համայնքին Հետ Կապ Հաստատելու

Narine Stepanian Նարինէ Ստեփանեանը որպէս փաստաբան կ’ապրի եւ կ’ աշխատի Լոս Անճելըս քաղաքը: Քաղաքական ապաստան ստանալու խնդրանքով իրեն կը դիմեն աշխարհին մէջ սփռուած բազմաթիւ հայեր, նոյնիսկ Թուրքիայէն: Ան միշտ ալ ջանք ու ճիք թափած է ու հետապնդած է այն հարցերը, որոնցմէ հայերը տարապած են իրենց էթնիկական եւ կրօնական պատկանելութեան պատճառաւ։

Նարինէն Ազրպէյճանի Բաքու քաղաքը ծնած է, ուր իր ընտանիքը սերունդէ սերունդ ապրած է։ Փաստ է, որ Սովետական Միութեան մաս կազմող մօտաւորապէս բոլոր ազգային փոքրամասնութիունները ռուսերէն կը խօսէին, ուստի Նարինէին ընտանիքն ալ ռուսախօս էր։ Բաքու ապրելու ժամանակ Նարինէն հայերէն չէր գիտեր :
Ան, թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Ռուսաստանի մէջ իր մաշկին վրայ զգացած է հայերու հանդէպ իրականացուող ազգային խտրականութիւնները: Համարեայ կ’ընդունի, որ իր հայ ինքնութեան համար մղած պայքարը իր բնաւորութիւնը ձեւաւորեր է։ Կարելի սա է պատճառը, որ ան իրաւաբանի մասնագիտութիւնը ընտրած է: 1991 թուականին Նարինէն իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Սան Ֆրանսիսքօ, ուր հայկական համայնքը հոն ալ այդքան մեծ չէ:

Ան իր Պսակաւոր Արուեստի վկայականը ստացած է Գալիֆորնիայի Պերկլիի համալսարանէն։ 2001ին, Հասդինկսի Բարձրագոյն դպրոցէն ստացած է իրաւաբանական գիտութիւններու Տոքթորի Գիտական Աստիճան: Մինչեւ 2005 թուականը, ան քանի մը իրաւաբանական ընկերութիւններու մէջ աշխատելէ ետք, իր անձնական իրաւաբանական ընկերութիւնը հիմնած է։

2008ին Նարինէն կ’ ամուսնանայ Ժիլպերթին հետ։ Զոյգը կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս` մեծ հայկական համայնքին աւելի մօտիկ ըլլալու: Ան իր ամուսինին շնորհակալ է իրեն հայերէն խօսիլ սորվելու եւ քաջալերելու հայոց լեզուի դասընթացքներուն արձանագրուիլ: Նարինէն եւ Ժիլպերթը երեք զաւակ ունին` Էտուարտ, Ռոպերդ եւ Քրիստինա: Նարինէին զաւակները հայկական դպրոց կը յաճախեն եւ կը սորվին հայերէն:

«Ես Ռաֆֆին եւ Չարենցին ստեղծագործութիւնները ռուսերէնով կարդացած եմ, սակայն շատ կը նեղուէի, որովհետեւ հայերէնով չէի կրնար կարդալ։ Չորս տարեկան որդիս` Էտուարտը, հիմա կրնայ հայերէն կարդալ եւ նոյնիսկ թուաբանութիւնը հայերէն լեզուով կը սորվի։»,- Նարինէն ըսաւ:

Նարինէն հայերէն կարդալ ինքնուրոյն սորված է զաւակներ ունենալէն ետք, որպէսզի ամեն գիշեր իր երեխաներուն հայերէնով մանկական գիրքեր կարդայ։ Սկիզբը ան փորձած է նախապէս գիրքը քանի մը անգամ կարդալ, որ զաւակներուն առջեւ սահուն եւ անսխալ կարդայ։

Համացանցին մէջ երկար փնտռելէն ետք, ան վերջապէս գտաւ Հայկական Համացանցային Համալսարանը եւ 2013ին, Ապրիլին անմիջապէս արձանագրուեցաւ Հայոց լեզուի դասընթացքին: Ան արդէն երեք դասընթացքի մասնակցած եւ աւարտած է։

Նարինէն կը կարծէ որ լեզուն բանալի է դիմացինին մշակոյթը ընկալելու։ «Մշակոյթը գանձերով լեցուն տուփ մըն է, իսկ լեզուն այն բանալին է որով հնարաւոր է այդ տուփը բանալ: Կը կարծեմ որ առաջին կորուստը, որ հնարաւոր է ունենալ, այն էթնիկական ինքնութիւնն է: Եթէ դուն լեզուն չես սորվիր, ապա տարբեր ծայրերը ապրող հայերուն հետ կապը կը կորսնցնես »,- ան ըսաւ:

Նարինէն նաեւ ըսաւ, որ ՀՀՀն իրեն ընձեռած է հայերէն սորվելու եւ իր բառապաշարը զարգացնելու մեծ կարելիութիւն: Ան կը հաւատայ, որ ՀՀՀն մեծ նշանակութիւն ունի աշխարհի վրայ սփռուած հայերուն համար։ Այն կ’ օգնէ պահպանել իրենց ինքնութիւնը եւ կը փրկէ ձուլումէն ։

Յարութ Եկմանեան

ՀՀՀ-ի մասին

ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վելլի մասնաճիւղի նախաձեռնած Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) աշխարհի հայկական օնլայն կրթութիւն շնորհող առաջատար կառոյցներէն մէկն է: 2009թ-էն ծնունդ առաւ ՀՀՀի առցաց լսարանները հասանելի են հայկական կրթութեամբ հետաքրքրուած անձերու համար: Հայոց լեզուի, պատմութեան, հայկական մշակույթի եւ ճատրակի ՀՀՀի դասընթացքները 7 լեզուով կը դասաւանդուի՝ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն:

ՀՀՀն օնլայն դասեր ստեղծուած են այն ուսողներուն համար, որոնք կարելիութիւն չունին մասնակցելու աւանդական հայկական կրթական ծրագիրներուն եւ հայկական կրթութիւն ստանալու: Այս իւրայատուկ աղբիւրներէն օգտվելու կարելիութիւն ընձեռելու նպատակով, դասերը պատրաստուած են ուսանողներուն անհատական պահանջներով՝ անկախ տարիքէ, բնակութեան վայրէ կամ ալ գիտելիքներու մակարդակէ:

Աշխարհի վրայ օնլայն կրթութեան վերջին զարգացումներուն հետ` ՀՀՀի առաքելութիւնն է ստեղծել օնլայն կրթական համայնք` ամրացնելով մշակութային, կրթական եւ սոցիալական կապերը: Մինչ այսօր ՀՀՀի դասընթացքներուն մասնակցած են 3000 ուսանող 65 երկիրներէ ` ստանալով հայկական կրթություն` միշտ եւ ամեն տեղ:


ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՓՈԽԵԼ | ԿԱՐԾԻՔ | ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻԼ | ԴԻՒԱՆ

Հեղինակային իրաւունքներ © ՀԲԸՄ ՀՀՀ 2014 www.avc-agbu.org Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են:
Դուք համակարգի կողմէ ճանչուած էք որպէս Հայկական Համացանցային Համալսարանի վերաբերող նորութիւններով հետաքրքրուած անձ


ՕՆԼԱՅՆ ՅՂՈՒՄՆԵՐ
ՀՀՀ Գործունէութիւնը

www.avc-agbu.org

ՀՀՀ Նորութիւնները

ՀՀՀ Նորութիւնները Ստանալ

Հայկական Համացանցային Համալսարանին յայտարարութիւնը

2014 Գարնանային Ուսումնական Շրջան

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ ՀԻՄԱ

Արձանագրուելու համար այցելեցէք ՀՀՀ կայք

www.avc-agbu.org,

Ունեցէք Ձեր մուտքանունը եւ գաղնաբառը եւ ամբողջացուցէք արձանագրութեան թերթիկը

Եթէ հարցումներ ունենաք, գրեցէք այս հասցէին
enrollment@avc-agbu.org

ՃԱՏՐԱԿԻ ՕՆԼԱՅՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ
ԱՆՎՃԱՐ






Facebook Linkedin Google+ Vkontakte Twitter Youtube

Skype: AVC-AGBU

Հեռ. (+374 10) 51 22 61

Հեռ: (+374 96) 51 22 61