Նոյն Ատեն Եւ Սկիզբէն Արեւմտահայերէն Եւ Արեւելահայերէն Սորվիլ

Henry Israelyan Հենրի Իսրայելեանը Ռուսիա ապրող երրորդ սերունդի հայ է: Ան 1987-ին ծնած է, Մոսկուայէն 500 քմ հեռու գտնուող Վոլոգտա քաղաքը: Իր մեծ հայրը՝ Գրիգոր Հենրի Իսրայելեանը, Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանէն է: Հենրիին հօր ընտանիքը Արցախէն Ելիզաւէտպոլ (Կիրովապատ) գացած է, իսկ մօր ընտանիքը Վոլոգտայէն է, ազգութեամբ ռուս է:

Մեծնալով սովետական միջավայրի մէջ՝ Հենրին իր տան մէջ երբէք չէ խօսած կամ ալ չէ լսած հայերէն: Իր ընտանիքը հեռու էր հայկական մշակոյթէն, լեզուէն եւ աւանդութիւնէն։ «Այն մերժման նման բան մըն էր»,- կ’ ըսէ Հենրին, որը սկսած էր իր մեծ հօրմէ, ով երիտասարդ ժամանակ շատ դժուարութիւններ կրած է Հայաստան երթալով։

Հենրին մեծցաւ առանց կապ ունենալու հայկական շրջապատի, մշակոյթի կամ ալ լեզուի հետ: Իր ծննդավայրը հայկական դպրոց չկար, ուստի յաճախեց ռուսական դպրոց, այնույետեւ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանին մէջ ուսանեցաւ որպէս ելեկտրոնային ճարտարագէտ:

Չնայած դժուար հանգամանքներուն՝ Հենրին չկորսնցուց հայերէն սորվելու իր յոյսը: Համացանցով ան միշտ տեղեկութիւններ կը փնտրէր հայոց լեզուի մասին եւ օր մը՝ մօտաւորպէս մէկ ու կէս տարի առաջ, ան տեղեկութիւններ գտաւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին (ՀՀՀ):

Հենրին անմիջապէս արձանագրուեցաւ հայոց լեզուի դասերուն, սակայն զարմանալին այն էր որ ան որոշեց արեւմտահայերէն սորվիլ: Հենրիին ընտանիքը Ղարաբաղէն էր եւ իրէն համար աւելի լաւ եւ դիւրուն կ’ ըլլար եթէ սորվէր արեւելահայերէն : Սակայն Հենրին ուրիշ ձեւ կը մտածէր։

«Ես գիտեմ, որ իմ ընտանիքս նախքան Ռուսիա տեղափոխուիլը արեւելահայերէն խօսած է, բայց ես կը փափաքիմ առաջ արեւմտահայերէն սորվիլ, որովհետեւ այն վտանգուած է: Արեւմտահայերէնը կ’անհետանայ , եթէ մենք չսորվինք եւ չկիրառենք »,─ ըսաւ Հենրին:

Հենրին արդէն արեւմտահայերէն դասընթացքի հինգ մակարդակ, արեւելահայերէնի երեք մակարդակ եւ երկու դասընթացք ալ հայկական երաժշտութիւնէն աւարտեր է :

Ամեն անգամ Հենրին կը նշէ ՀՀՀն, իր օնլայն ուսուցիչներուն՝ Գոհար Գէորգեանին, Մարալ լեւոնեանին եւ Իզապէլլա Յարութիւնեանին մասին խորին յարգանքով եւ հիացմունքով կը խօսի : Ան բարձր կը գնահատէ նաեւ իր եւ ՀՀՀի ուսանողներուն միջեւ ձեւավորուած մտերմիկ հարաբերութիւնները: «ՀՀՀի անձնակազմի վերաբերմունքը իւրաքանչիւր ուսանողի նկատմամբ շատ կարեւոր է եւ շատ ոգեւորիչ»,- ըսաւ Հենրին:

Հայերէն սորվիլը պարզապէս լեզու մը սորվելու համար չէ Հենրիին համար, այն ինքնուսուցման միջոցով կորսուած ինքնութիւնը վերակառուցելու հնարաւորութիւն է: Ան կը հաւատայ, որ այն նաեւ մեր մշակոյթը, լեզուն, հատկապէս արեւմտահայերէնը, եւ աւանդոյթները պահպանելու ճամբան է: Սա Հենրիին համար շատ կարեւոր հարց է, որուն վերաբերեալ շատ յօդուածներ եւ գիտական աշխատանքներ կարդացեր է:

Հենրիին գաղափարները աւելի ամրապնդուեցաւ երբ մասնակցեցաւ նաեւ ՀՀՀ միւս դասընթացքին՝ հայկական երաժշտութեան. «Ես շատ աւելի լաւ հասկցայ հայկական մշակոյթը՝ սորվելով եւ բացայայտելով հայկական երաժշտութիւնը»,- ըսաւ Հենրին:

Սկիզբէն եւ հայերէնի երկու ճիւղերը սորվիլը Հենրիին համար անշուշտ շատ դժուար էր, սակայն ան կրցաւ յաղթահարել այդ դժուարութիւնը Հայկական Համացանցային Համալսարանին ընծայած հնարաւորութեան եւ աջակցութեան շնորհիւ ։

Յարութ Եկմանեան

ՀՀՀ-ի մասին

Հայկական Համացանցային Համալսարանը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նորագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է: Միութիւնը իր հովանաւորած կրթական բազմաթիւ ծրագիրներուն ծիրէն ներս այսօր կը ներկայանայ բոլորովին նոր մօտեցումներով։ Ծրագիրը ծնունդ առաւ 2004 թուականին՝ ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղին կողմէ Երուանդ Զօրեանի նախագահութեամբ: Ան սփիւռքի եւ հայրենիքի հայ ժողովուրդի ներկայ պահանջները բաւարարող կրթական ծրագիրի անհրաժեշտութեան մասին շատոնց մտածած է եւ բազմիցս նշած է: ՀՀՀ-ը համաժամանակեայ եւ տարաժամանակեայ հաղորդակցման միջոցներու շնորհիւ ուսանողներուն կարելիութիւն կուտայ նոր գիտելիքներ ստանալու իրենց յարմարող ժամանակամիջոցին, ինչպէս նաեւ երեւութական ուսուցիչի եւ դասընկերներու հետ դէմ առ դէմ հաղորդակցուելու։ Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող երեւութական կրթութեան վերջին զարգացումներուն զուգընթաց, ՀՀՀի առաքելութիւնն է նաեւ ստեղծել երեւութական համայնք մը, որ կրնայ մշակութային կրթութեան կողքին իրարու հաղորդակից դարձնել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած հայ ուսանողները, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը շարունակել։ Մանրամասն կրնաք կարդալ` www.avc-agbu.org


ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՓՈԽԵԼ | ԿԱՐԾԻՔ | ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻԼ | ԴԻՒԱՆ

Հեղինակային իրաւունքներ © ՀԲԸՄ ՀՀՀ 2014 www.avc-agbu.org Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են:
Դուք համակարգի կողմէ ճանչուած էք որպէս Հայկական Համացանցային Համալսարանի վերաբերող նորութիւններով հետաքրքրուած անձ


ՕՆԼԱՅՆ ՅՂՈՒՄՆԵՐ
ՀՀՀ Գործունէութիւնը

www.avc-agbu.org

ՀՀՀ Նորութիւնները

ՀՀՀ Նորութիւնները Ստանալ

Հայկական Համացանցային Համալսարանին յայտարարութիւնը

2014 Գարնանային Ուսումնական Շրջան

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ ՀԻՄԱ

Արձանագրուելու համար այցելեցէք ՀՀՀ կայք

www.avc-agbu.org,

Ունեցէք Ձեր մուտքանունը եւ գաղնաբառը եւ ամբողջացուցէք արձանագրութեան թերթիկը

Եթէ հարցումներ ունենաք, գրեցէք այս հասցէին
enrollment@avc-agbu.org

ՀՀՀԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

ՃԱՏՐԱԿԻ ՕՆԼԱՅՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ






Facebook Linkedin Google+ Vkontakte Twitter Youtube

Skype: AVC-AGBU

Հեռ. (+374 10) 51 22 61

Հեռ: (+374 96) 51 22 61