Վերաժառանգել Սեփական Ժառանգութիւնը

Ուսանող մէկ անգամ կ' ըլլաս, սակայն մինչեւ կեանքիդ վերջ կը մնաս:

Իրաւացի այս նախադասութիւնը կը վերաբերի տոկթոր Սոնա Արոնեանին: Ան երկար տարիներ համալսարանը դասաւանդելէն ետք, որոշեց նորէն ուսանող դառնալ եւ սորվիլ Հայկական Համացանցային Համալսարանը։

Sona Aronian Արոնեանը Մասաչուսէթսի Լին քաղաքը ծնած է: Ընտանիքը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ զոհ գացած ընտանիքներէն մէկն է։ Հայրը` հպարտ զէյթունցի տոկթոր Արշակ Ահարոնեանը, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ատեն Կոսթանդնուպոլիս համալսարանի բժշկական բաժինի ուսանող էր եւ ստիպուած նաեւ կը ծառայէր զինուորական վաշտի մը մէջ: Նոյն ժամանակ Արոնեանի մայրը Մատենի մէջ կորսնցուցած էր իր ընտանիքը, իսկ իրեն Իսթանպուլի մէջ սպայի մը կ'ուզէին նուիրել: Կոնիա երթալու ժամանակ ան Արշակին կը հանդիպի, որը նոյնպէս զինուորական վաշտէն կը փորձէր փախչիլ: Պատերազմէն ետքը անոնք կ'ամուսնանան, Իսթանպուլ կ'երթան եւ 1921-ին ԱՄՆ կը գաղթեն:

Ահարոնեանները ԱՄՆ-ի մէջ Արոնեան կը դառնան եւ կը ծնի Սոնա Արոնեանը: Ան տարիներ անց կը դառնայ ռուսական գրականութեան, կանանց մասին հետազօտութիւններու եւ համեմատական գրականութեան դասախօս: Ան 40 տարի Ռոտ Այլնտի համալսարանը կը դասաւանդէ:

Սոնային հայրը 1947ին կը գաղթէ Սովետական Հայաստան եւ հոն ալ կը մահանայ, իսկ Սոնան իր մեծ քրոջ հետ Ամերիկայ կը մնայ: Սոնան, Հայաստան առաջին անգամ հօր մահէն ետք կ'երթայ: Ատկէ ետքը ան վեց անգամ Հայաստան կը ճամբորդէ: Իր վերջին այցելութիւնը 2012ին էր:

Արոնեանի համայնքին մէջ շատ քիչ հայեր կան, իսկ հայկական եկեղեցի չկայ: Ան կարելիութիւն չունեցաւ հայկական շրջապատի մէջ ապրելու եւ լաւ հայերէն խօսելու: Սոնան հայերէն կրնար խօսիլ միայն շաբաթը մէկ անգամ, երբ Պրովիդանս կ'երթար եւ հայ ընտանիքներուն կը հանդիպէր: Ան Նիւ Հէւնի Եալլէ Համալսարանին մէջ կ' ուսանի, ետքը Փենսիլվանիա կը տեղափոխուի: Ան միշտ կը յիշէ իր ուսանողներուն, որոնց հետ քանի մը նախադասութիւններ հայերէն խօսելով աշխարհասփիւռ հայութեան հետ իր կապուածութիւնը կը զգար: Ան մինչեւ հիմա կը յիշէ այն ուսանողին, ով լաւ դուդուկ կը նուագէր:

Տոկթոր Արոնեանը երբ երկու ու կէս տարի առաջ հանգիստի կոչուեցաւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի ուսանողներէն մէկը եղաւ: ՀՀՀի մասին համացանցի միջոցով իմացեր էր: Իրեն գրաւած էր ծրագիրը եւ կիրառուած նոր մեթոտները:

«Ես իսկապէս կը գնահատեմ ՀՀՀի իրազեկութիւնը այն դժուար հարցին, թԷ ինչպԷս պԷտք է հայերէն սովորեցնել ոչ հայախօս անձերուն»,- ըսաւ տոկթոր Արոնեանը:

Ան նախ մասնակցեցաւ արեւմտահայերէն դասընթացքի 8 մակարդակներուն: Աւարտելով բոլոր մակարդակները արձանագրուեցաւ եւ մասնակցեցաւ հայկական երաժշտութեան երկու դասընթացքներուն: Սոնան ըսաւ, որ դասընթացքները շատ արաք կ' ընթանային, բայց քանի որ հայերէն սորվելու իր ցանկութիւնը շատ մեծ էր, կրցաւ ժամանակ տրամադրել եւ լաւ սորվիլ: Տոկթոր Արոնեանը միշտ կը յիշէ իր օնլայն ուսուցիչները, որոնք պատրաստակամօրէն իրեն կ' օգնէին դասերը սիրելու եւ ուսումը շարունակելու:

Թոշակառու դասախօսը եւ ՀՀՀի նուիրուած ուսանողը այժմ իր ընտանիքին պատմութիւնը ուսումնասիրելով զբաղած է: Ան արեւմտահայերէնով շատ նիւթեր ունի, որոնք ուսումնասիրելու եւ կարդալու ժամանակ կ'օգնեն ՀՀՀի իր գիտելիքները:

Արոնեանը հայ հեղինակներէն կը սիրէ Զապէլ Եսաեանի եւ Վահան Թէքէեանի ստեղծագործութիւնները: Ան կը ցանկանայ մասնակցիլ նաեւ ՀՀՀի հայկական գրականութեան դասընթացքներուն: Հայկական միջազգային կանանց ասոցիացիայի հանդիպումներու ժամանակ ան միշտ ՀՀՀի իր ուսման մասին կը խօսի: Ան նշեց որ միշտ ալ հետաքրքրուող կ' ըլլայ ՀՀՀի ծրագիրով:

«Ես երախտապարտ եմ ՀՀՀին, որ ինծի օգնեց վերաժառանգել իմ իսկ ժառանգութիւնս», ըսաւ տոկթոր Արոնեանը:

Յարութ Եկմանեան

ՀՀՀ-ի մասին

Հայկական Համացանցային Համալսարանը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նորագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է: Միութիւնը իր հովանաւորած կրթական բազմաթիւ ծրագիրներուն ծիրէն ներս այսօր կը ներկայանայ բոլորովին նոր մօտեցումներով։ Ծրագիրը ծնունդ առաւ 2004 թուականին՝ ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղին կողմէ Երուանդ Զօրեանի նախագահութեամբ: Ան սփիւռքի եւ հայրենիքի հայ ժողովուրդի ներկայ պահանջները բաւարարող կրթական ծրագիրի անհրաժեշտութեան մասին շատոնց մտածած է եւ բազմիցս նշած է: ՀՀՀ-ը համաժամանակեայ եւ տարաժամանակեայ հաղորդակցման միջոցներու շնորհիւ ուսանողներուն կարելիութիւն կուտայ նոր գիտելիքներ ստանալու իրենց յարմարող ժամանակամիջոցին, ինչպէս նաեւ երեւութական ուսուցիչի եւ դասընկերներու հետ դէմ առ դէմ հաղորդակցուելու։ Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող երեւութական կրթութեան վերջին զարգացումներուն զուգընթաց, ՀՀՀի առաքելութիւնն է նաեւ ստեղծել երեւութական համայնք մը, որ կրնայ մշակութային կրթութեան կողքին իրարու հաղորդակից դարձնել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած հայ ուսանողները, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը շարունակել։ Մանրամասն կրնաք կարդալ` www.avc-agbu.org


ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՓՈԽԵԼ | ԿԱՐԾԻՔ | ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻԼ | ԴԻՒԱՆ

Հեղինակային իրաւունքներ © ՀԲԸՄ ՀՀՀ 2014 www.avc-agbu.org Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են:
Դուք համակարգի կողմէ ճանչուած էք որպէս Հայկական Համացանցային Համալսարանի վերաբերող նորութիւններով հետաքրքրուած անձ


ՕՆԼԱՅՆ ՅՂՈՒՄՆԵՐ
ՀՀՀ Գործունէութիւնը

www.avc-agbu.org

ՀՀՀ Նորութիւնները

ՀՀՀ Նորութիւնները Ստանալ

Հայկական Համացանցային Համալսարանին յայտարարութիւնը

2014 Ձմեռնային Ուսումնական Շրջան

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ ՀԻՄԱ

Արձանագրուելու համար այցելեցէք ՀՀՀ կայք

www.avc-agbu.org,

Ունեցէք Ձեր մուտքանունը եւ գաղնաբառը եւ ամբողջացուցէք արձանագրութեան թերթիկը

Եթէ հարցումներ ունենաք, գրեցէք այս հասցէին
enrollment@avc-agbu.org

ՀՀՀԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋԱՐԿԸ
ՃԱՏՐԱԿԻ ՕՆԼԱՅՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ
ԱՆՎՃԱՐ






Facebook Linkedin Google+ Vkontakte Twitter Youtube

Skype: AVC-AGBU

Հեռ. (+374 10) 51 22 61

Հեռ: (+374 96) 51 22 61