Մայրենի լեզուով Թումանեան կարդալու հաճոյքը

Զարգացած հայ երիտասարդ, հեռահաղորդակցութեան ղեկավար Արսէն Պետրոսեանը ծնած է Ռուսիա, իսկ ետքը ընտանիքին հետ Հայաստան եկած է: Սակայն, հինգ տարեկանինի ընտանիքին հետ վերադարձած է Ռուսիա:

Arsen Petrosyan Արսէնը Հայաստան ապրեցաւ մինչև 1991 թուականը, եւ իր հայրենիքը վերադարձաւ 2005-ին: Այս անգամ երկիրը իրեն համար փոխուած էր եւ երիտասարդ Արսէնը իր մանկութեան ժամանակ տեսած Երեւանէն շատ քիչ կը յիշէր: Ան հայերէն միայն տանը եւ իր հօրը քանի մը ընկերներուն հետ կը խօսէր: Իսկ իր դպրոցի եւ համալսարանի ընկերները բոլորը ռուս էին: 2008թ ան ՍԻՎԱՄ-ին (Մոսկուայի Հայ երիտասարդութեան մտաւոր փոխգործակցութեան ընկերակցութիւն) միացաւ: Այս ընկերակցութիւնը կը համագործակցի ՀԲԸՄ-ի հետ։ Հոն բազմաթիւ հայ երիտասարդներու հետ ծանօթացաւ: Արսէնը այս քայլը կը սեպէ վերադարձ դէպի հայկական աշխարհ:
2009-ին ան կարելիութիւն ունեցաւ մասնակցելու Հայկական Համացանցային Համալսարանին մասին պատմուղ շնորհանդէսին եւ այդ շոնրհանդէսէն ետք ան անմիջապէս արձանագրուեցաւ ՀՀՀին մէջ:

«Օր մը Մոսկուայի մէջ գրադարան գացի եւ կեցայ Ավետիք Իսահակեանին եւ Յովհաննէս Թումանեանին ռուսերէնով թարգմանուած ստեղծագործութիւններուն առջեւ: Ես գնեցի այդ գիրքերը եւ կարդացի, բայց այդքան ալ հաճոյք չստացայ: Այդ գիրքերը ինծի բան մը չըսին: Հակառակ անոր ես շատ լաւ գիտէի, որ երկու հեղինակներն ալ անուանի եւ մեծ հռչակ ունեցող գրողներ են, յատկապէս Թումանեանը»,- ըսաւ Արսէնը: «Այդ ժամանակ որոշեցի հայերէն սորվիլ, որպէսզի թումանեանական պոեմները իմ մայրենի լեզվով կարդամ»:

2009ին երբ Արսէնը աւարտեց Մոսկուայի ֆիզիկայի եւ ճարտարագիտութեան համալսարանի մագիստրոսական բաժինը, ան մասնակցեցաւ Հայկական Համացանցային Համալսարանի արեւելահայերէնի դասընթացքին: 2012 թուականին աւարտեց դասընթացքի բոլոր մակարդակները:

Այդ ընթացքին , 2011ին, Արսէնը Հայաստան եկաւ եւ այցելեց ՀՀՀի գրասենեակը: Հանդիպեցաւ օնլայն ուուցիչներուն եւ ՀՀՀի ընկերներուն հետ եւ մասնակցեցաւ ՀՀՀի առաջին տարեդարձի առթիւ կազմակերպուած միջոցառումին: Այս այցի ժամանակ ալ ան որոշեց Հայաստան աւելի երկար մնալ: Birthright Armenia կազմակերպութեան օգնութեամբ ան վեց ամիս ապրեցաւ եւ աշխատեցաւ Երեւանին մէջ: Արսէնին քոյրը, ով իրմէ երկու տարիով պզտիկ է, նոյն որոշումը կայացուց եւ Հայաստան տեղափոխուեցաւ : Այժմ Արսէնին կը համոզէ որ իրեն պէս քայլ մըն ալ ինքը առնէ:

Հայերէն սորվելով, Հայաստանի նկատմամբ Արսէնին հետաքրքրութիւնը աւելի մեծացաւ, կապը ծննդավայրի հետ աւելի ամրացաւ: ՀՀՀի դասընթացքը աւարտելով` ան սկսաւ շատ աւելի լաւ հասկանալ Հայաստանին վերաբերող լուրերը: Արսէնը նաեւ իր համայնքի անդամներուն խորհուրդ տուած է ՀՀՀ ուսանող ըլլալ: Առ այսօր բազմաթիւ շնորհանդէսներ կազմակերպած է ՍԻՎԱՄի մէջ եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն մէջ , հոն ալ ներկայացուցած է ՀՀՀի գործունէութիւնը եւ դերը հայոց լեզուի եւ հայկական կրթութեանը տարածելու մէջ:

«ՀՀՀն շատ արդյունաւէտ միջոց է հայերէն սորվելու, որովհետեւ շատ լաւ համակարգ, ուսուցիչներ եւ միջավայր ունի : ՀՀՀն մեր համայնքի անդամներուն համար ամենալաւ վայրն է հայերէն սորվելու»,- ըսաւ Արսէնը:

Արսէնը վերջապէս հայերէնով կարդաց Թումանրանի ստեղծագործութիւնները եւ ուրախացաւ իր երազանքը իրականացնելու համար: Ան այժմ Մոսկուայի հայկական փորձարարական «Խենթ» թատրոնը հայերէնով դերեր կը խաղայ: Իսկ վերջերս, Նոյեմբեր 26ին, հայկական գրականութեան օրուայ առիթով, ան Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտներէն մէկուն դերը խաղցաւ։

«Երբ հայերէն սորվեցայ, հայկական նոր իրականութիւն մը ծնաւ մէջս»,- ըսաւ Արսէնը եւ ժպտալով տեղեկացուց, որ ան պատրաստ է իր ընկերուհիին հետ հայերէն խօսելու:

Յարութ Եկմանեան

ՀՀՀ-ի մասին

Հայկական Համացանցային Համալսարանը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նորագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է: Միութիւնը իր հովանաւորած կրթական բազմաթիւ ծրագիրներուն ծիրէն ներս այսօր կը ներկայանայ բոլորովին նոր մօտեցումներով։ Ծրագիրը ծնունդ առաւ 2004 թուականին՝ ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղին կողմէ Երուանդ Զօրեանի նախագահութեամբ: Ան սփիւռքի եւ հայրենիքի հայ ժողովուրդի ներկայ պահանջները բաւարարող կրթական ծրագիրի անհրաժեշտութեան մասին շատոնց մտածած է եւ բազմիցս նշած է: ՀՀՀ-ը համաժամանակեայ եւ տարաժամանակեայ հաղորդակցման միջոցներու շնորհիւ ուսանողներուն կարելիութիւն կուտայ նոր գիտելիքներ ստանալու իրենց յարմարող ժամանակամիջոցին, ինչպէս նաեւ երեւութական ուսուցիչի եւ դասընկերներու հետ դէմ առ դէմ հաղորդակցուելու։ Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող երեւութական կրթութեան վերջին զարգացումներուն զուգընթաց, ՀՀՀի առաքելութիւնն է նաեւ ստեղծել երեւութական համայնք մը, որ կրնայ մշակութային կրթութեան կողքին իրարու հաղորդակից դարձնել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած հայ ուսանողները, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը շարունակել։ Մանրամասն կրնաք կարդալ` www.avc-agbu.org


ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՓՈԽԵԼ | ԿԱՐԾԻՔ | ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻԼ | ԴԻՒԱՆ

Հեղինակային իրաւունքներ © ՀԲԸՄ ՀՀՀ 2013 www.avc-agbu.org Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են:
Դուք համակարգի կողմէ ճանչուած էք որպէս Հայկական Համացանցային Համալսարանի վերաբերող նորութիւններով հետաքրքրուած անձ


ՕՆԼԱՅՆ ՅՂՈՒՄՆԵՐ
ՀՀՀ Գործունէութիւնը

www.avc-agbu.org

ՀՀՀ Նորութիւնները

ՀՀՀ Նորութիւնները Ստանալ

Հայկական Համացանցային Համալսարանին յայտարարութիւնը

2014 Ձմեռնային Ուսումնական Շրջան

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ ՀԻՄԱ

Դասերը պիտի սկսի Յունուար 13-ին եւ պիտի վերջանայ Մարտ 18-ին։

Արձանագրուեցէք հիմա

Արձանագրուելու համար այցելեցէք ՀՀՀ կայք

www.avc-agbu.org,

Ունեցէք Ձեր մուտքանունը եւ գաղնաբառը եւ ամբողջացուցէք արձանագրութեան թերթիկը

Եթէ հարցումներ ունենաք, գրեցէք այս հասցէին
enrollment@avc-agbu.org






Facebook Linkedin Google+ Vkontakte Twitter Youtube

Skype: AVC-AGBU

Հեռ. (+374 10) 51 22 61

Հեռ: (+374 96) 51 22 61