ՀՀՀ ուսանողի մը անսահման սէրը Հայոց Լեզուի նկատմամբ

Isabelle Cazejust Ֆրանսիայի Մոնպլիէ քաղաքը, 53 տարեկան Իզապէլը իր միակ տղուն հետ կ’ ապրի: Տղան իսկական հայու կը նմանի՝ հայկական քիթով, աչքերով, նոյնիսկ յօնքերով: Սակայն ո՛չ Իզապէլը, ո՛չ ալ տղան հայեր են: Ան պարզապէս Հայաստանը շատ կը սիրէ:

Յունուարէն միչեւ Օգոստոս ամիսը, Իզապէլը Ռատիօ Ֆրանսի կազմակերպած երաժշտական փառատօններուն, որպէս վաճառքի գործակալ կ’աշխատի: Տարուայ միւս ամիսները իր սիրած գործով` քանդակագործութեամբ կը զբաղի: Ան անգլիացի արուեստագէտ Հենրի Մուրիին ոճը շատ կը սիրէ:

Իզապէլը գեղարուեստական բաժինը աւարտած է, իսկ 2003ին որոշած է ուսումը շարունակել: Ան ընդունուած է արուեստի պատմութիւն բաժինը եւ աւարտելով իր ուսումը, ստացած է հաղորդակցութեան ոլորտի մագիստրոսի կոչում:

Իզապէլի ապրած քաղաքը հայեր շատ չկան, բայց հայկական պզտիկ միութիւն մը կայ: Ան երբեմն հոն կ’ երթայ հայկական ճաշեր ուտելու, հայկական պարերը դիտելու եւ անձամբ պարելու:

Իր պատմութիւնը Հայաստանի հետ սկսաւ այն ժամանակ երբ ան World Vision կազմակերպութեան միջոցով Վարդէնիս քաղաքէն աղջկայ մը հովանաւորեց: 2008ին որոշեց Հայաստան գալ տեսնելու կատարուած աշխատանքը: Այդ օրէն ալ ան սիրահարուեցաւ Հայաստանին: «Կարծես տուն վերադարձայ , վերադարձայ իմ երկիրս, Հայաստանը ինծի շատ մօտ էր»,- Իզապէլը ըսաւ:

Վերադառնալով Ֆրանսա՝ որոշեց հայերէն սորվիլ: Ան հետեւեցաւ Assimil ինքնուրոյն ուսուցման մեթոտին: Այնուհետեւ, 2011ին Աշնանը նորէն Հայաստան եկաւ` հայերէնը կիրառելու եւ որոշ կամաւորական աշխատանքներ կատարելու:

Ան 3 շաբաթ Հրազդանի Օրբելիի անուան դպրոցին մէջ ֆրանսերէն դասաւանդեց: Ետքը ան Espace Kaza հասարակական կազմակերպութեան հետ աշխատեցաւ, ուր դասախօսութիւններ տուաւ ֆրանսիական արուեստի պատմութեան մասին եւ օտար լեզուներ սորվելու համար տարբեր խաղեր կազմակերպեց: Իզապէլը այդ օրերը միշտ մեծ ուրախութեամբ կը յիշէ:

Իզապէլը Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին համացանցով իմացաւ: Ան կայքէջ այցելեց եւ արձանագրուեցաւ: Առաջին անգամ արձանագրուեցաւ հայկական ճարտարապետութեան դասընթացքին: Բոլոր մակարդակները աւարտելէն ետք սկսաւ արեւելահայերէնի դասընթացքին մասնակցիլ: Ան արդէն 3 մակարդակը աւարտեր է, սակայն կարճ դադար տուաւ Հայոց պատմութիւն սորվելու համար: Ան նաեւ հետաքրքրուած է ՀՀՀի վերջերս մեկնարկած ճատրակի օնլայն դասընթացքով , որուն արդէն արձանագրուած է: «ՀՀՀն շատ կարեւոր հաստատութիւն մըն է, որովհետեւ աշխարհին մէջ ուրիշ դպրոց մը, կամ ալ համալսարան մը չկայ, որը կրնայ հայկական օնլայն կրթութիւն առաջարկել»,-ըսաւ Իզապէլը:

Հարաւային Ֆրանսա ապրող անձ մը, ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրուած ըլլայ Հայաստանով եւ հայոց լեզուով, կը հարցնէր թերահաւատ մէկը: Իզապէլի պատասխանը շատ յստակ էր. Ան սիրահարուած էր այդ ժողովուրդին: «Ամեն անգամ, երբ Հայաստան ըլլամ շատերը կը հարցնեն արդեօք ես հա՞յ եմ, որովհետեւ հայերուն շատ կը նմանիմ »:

Իզապէլը դեռ չի գիտէր թէ ինչ պիտի ընէ Հայաստանի մասին այսքան տեղեկութիւններ ստանալէն ետքը: Գուցէ Հայաստան ապրի քանի մը տարի, գուցէ շարունակէ իր կամաւորական աշխատանքները: Ան արդէն շատ ընկերներ ունի` իր ուսուցիչները եւ ՀՀՀի դասընկերները : Ան կը համարէ, որ Հայաստանը լաւագոյնին արժանի է եւ այդ լաւագոյն ալ ան կը փափաքի տալ այն երկրին, որուն շատ կը սիրէ:

Յարութ Եկմանեան


Christine Serdjenian Christine Serdjenian Christine Serdjenian

Քանդակագործ՝ Իզապէլ Քազըժիւսդ

ՀՀՀ-ի մասին

Հայկական Համացանցային Համալսարանը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նորագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է: Միութիւնը իր հովանաւորած կրթական բազմաթիւ ծրագիրներուն ծիրէն ներս այսօր կը ներկայանայ բոլորովին նոր մօտեցումներով։ Ծրագիրը ծնունդ առաւ 2004 թուականին՝ ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղին կողմէ Երուանդ Զօրեանի նախագահութեամբ: Ան սփիւռքի եւ հայրենիքի հայ ժողովուրդի ներկայ պահանջները բաւարարող կրթական ծրագիրի անհրաժեշտութեան մասին շատոնց մտածած է եւ բազմիցս նշած է: ՀՀՀ-ը համաժամանակեայ եւ տարաժամանակեայ հաղորդակցման միջոցներու շնորհիւ ուսանողներուն կարելիութիւն կուտայ նոր գիտելիքներ ստանալու իրենց յարմարող ժամանակամիջոցին, ինչպէս նաեւ երեւութական ուսուցիչի եւ դասընկերներու հետ դէմ առ դէմ հաղորդակցուելու։ Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող երեւութական կրթութեան վերջին զարգացումներուն զուգընթաց, ՀՀՀի առաքելութիւնն է նաեւ ստեղծել երեւութական համայնք մը, որ կրնայ մշակութային կրթութեան կողքին իրարու հաղորդակից դարձնել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած հայ ուսանողները, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը շարունակել։ Մանրամասն կրնաք կարդալ` www.avc-agbu.org


ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՓՈԽԵԼ | ԿԱՐԾԻՔ | ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻԼ | ԴԻՒԱՆ

Հեղինակային իրաւունքներ © ՀԲԸՄ ՀՀՀ 2013 www.avc-agbu.org Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են:
Դուք համակարգի կողմէ ճանչուած էք որպէս Հայկական Համացանցային Համալսարանի վերաբերող նորութիւններով հետաքրքրուած անձ


ՕՆԼԱՅՆ ՅՂՈՒՄՆԵՐ
ՀՀՀ Գործունէութիւնը

www.avc-agbu.org

ՀՀՀ Նորութիւնները

ՀՀՀ Նորութիւնները Ստանալ

Հայկական Համացանցային Համալսարանին յայտարարութիւնը

2014 Ձմեռնային Ուսումնական Շրջան

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ ՀԻՄԱ

Դասերը պիտի սկսի Յունուար 13-ին եւ պիտի վերջանայ Մարտ 18-ին։

Արձանագրութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 15 Դեկտեմբերի, 2013թ.

Արձանագրուելու համար այցելեցէք ՀՀՀ կայք

www.avc-agbu.org,

Ունեցէք Ձեր մուտքանունը եւ գաղնաբառը եւ ամբողջացուցէք արձանագրութեան թերթիկը

Եթէ հարցումներ ունենաք, գրեցէք այս հասցէին
enrollment@avc-agbu.org






Facebook Linkedin Google+ Vkontakte Twitter Youtube

Skype: AVC-AGBU

Հեռ. (+374 10) 51 22 61

Հեռ: (+374 96) 51 22 61