avc_insights
Իմ Ճակատագիրը

ԱՄՆ-ի մեր ուսանողներէն Ճէնիս Ծովինար Օքումեան, որ կը հետեւի ՀՀՀ-ի լեզուի դասընթացքներուն, կը ներկայացնէ իր փորձառութիւնը՝ ՀՀՀ-ի հետ։

Միջին տարիքի մարդը ինչո՞ւ կ՚որոշէ հայերէն սորվիլ։ Ես մէկն եմ այն ամերիկահայերէն, որ հայերէն լեզուն լաւ տիրապետելու առիթ երբեք չէ ունեցած, բայց միշտ մօտ եղած է հայ ինքնութեան։ Հայկական էութեան հետ առնչութիւնս արտայայտուած է տարբեր ձեւերով. մեծ մօրս եւ մօրս պէս հայկական համեղ ճաշեր պատրաստելով, ընտանիքի անդամներուս եւ ընկերներուս հետ պարելով ու Կոմիտասի հոյակապ երգերը երգելով։

Բայց այս առնչութիւնը ամբողջական չէ։ Որոշ միտքեր միայն կարելի է մայրենի լեզուով արտայայտել, որովհետեւ թարգմանելու ատեն իմաստը կը կորսուի։
Կը կարծեմ, որ լեզուն կ՚օգնէ արտայայտելու մեր աշխարհայեացքները։ Ընդհանրապէս, նոր լեզու սորվելով նոր մտածելակերպերու կը ծանօթանանք։ Ես հայերէն կը սորվիմ, որովհետեւ կ՚ուզեմ հայերէնին տիրապետել եւ աշխարհը տեսնել նոր, տարբեր անկիւնէ։ Առաւել, կ՚ուզեմ սորվիլ այն լեզուն, որով խօսած են իմ մեծ հայրերս եւ հիմա, հայերէն նոր բառեր, արտայայտութիւններ եւ նախադասութիւններ սորվելով կարծես թէ աւելի կը մօտենամ մեծ հայրերուս։

Հայկական Համացանցային Համալսարանի հայերէն լեզուի դասընթացքները հնարաւորութիւն տուին սորվելու եւ բարելաւելու հայերէնի իմացութիւնս։ Ի դէպ, թէեւ դասերուն կրնամ ազատօրէն հետեւիլ՝ համալսարանի որդեգրած ճկուն համակարգին շնորհիւ, այսուամենայնիւ դասընթացքը ամբողջացնելու համար նշուած ժամկէտերը կ՚օգնեն, որ միշտ մնամ պարտաճանաչ։ Այս առումով ուսուցչուհիս իսկապէս կ՚օգնէ զիս։ Յատկապէս օգտաշատ են մեր տեսահաղորդակցութիւնները, որոնց ընթացքին հնարաւորութիւն կ՚ունենամ քննարկելու լեզուի դասերը։

«Ճակատիդ գրուած է» հայերէն արտայայտութիւնը կը նշանակէ որ յստակ ճակատագիր մը ունիս։ Ես շատ չեմ հաւատար ճակատագիրին, բայց ուրախութեամբ կ՚ուզեմ նշել, որ հայերէնի դասընթացքներու շնորհիւ կրցայ իրականացնել իմ հին երազս՝ ցանկութիւնս։
Հեղինակ՝ Ճէնիս Ծովինար Օքումեան
Facebook     Twitter



Կապի Մէջ Մնացէք

ՀՀՀ-ի Մասին

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հայկական առցանց կրթութիւն առաջարկող հաւատարմագրուած առաջատար կառոյցներէն մէկն է։ Իր նպատակն է հայկական կրթութիւն տրամադրել՝ ճարտարագիտական նորագոյն միջոցներով։ ՀՀՀ-ի առցանց լսարանները, 2009-էն ի վեր, յատկացուած են այն ուսանողներուն, որոնք կարելիութիւնը չեն ունեցած հետեւելու հայկական աւանդական կրթական ծրագիրներուն։ Զուգահեռ, ՀՀՀ-ն օժանդակ նիւթեր կը տրամադրէ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին օգտուիլ իր տարբեր հնարաւորութիւններէն։ Ելեկտրոնային գիրքերու շարքի թողարկումը եկաւ հաստատելու, որ ՀՀՀ-ն կ’ընդլայնէ իր աշխատանքային ոլորտը, ընդգրկելով նոր ուղղութիւններ։