avc_insights
«ՀՀՀ-ը Օգնեց, Որ Կրկին Գտնեմ Իմ Հայկական Արմատները»

ԱՄՆ-էն ՀՀՀ-ի ուսանող Ժոզէֆ Սիրենը կ՚ըսէ. « Շատ դժուար է պահպանել կապը ազգային արմատներու հետ, եթէ հայերէն չես գիտեր»։

Ժոզէֆի կապը հայութեան հետ սահմանուած էր ազգային ուտեստներով, որոնք կը ճաշակէր տօներուն, եւ մեծ հօր պատմութիւններով՝ կապուած մանկութեան հետ։ Ան իր արմատները վերագտնելու համար կ՚որոշէ հայերէն սորվիլ։ Իր ընտանիքէն ոչ ոք հայերէն գիտէր եւ Ալասքայի մէջ, ուր կ՚ապրէր իր ընտանիքին հետ, հայկական դպրոց կամ հայերէն լեզուի դասընթացքներ չկային։ Այս իսկ պատճառով, համացանցի վրայ պրպտում մը կատարելէ ետք, 2018-ի Յունուարին կ՚որոշէ հետեւիլ ՀՀՀ-ի լեզուի դասընթացքին։

Ան կ՚ըսէ.«Հայկական Համացանցային Համալսարանը ինծի համար փրկութիւն մըն է, քանի որ հայերէն սորվելու միջոցները քիչ են։ ՀՀՀ-ը առիթ տուաւ, որ հայերէն սորվիմ այնպիսի ուսուցիչի մը օգնութեամբ, որուն համար հայերէնը իր մայրենի լեզուն է»։
Լեզուներ սորվելու իր փափաքն ու ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Մարինա Խաչատրեանի ցուցաբերած օժանդակութիւնը պատճառ դարձան, որ մեծ առաջընթաց արձանագրէ իր ուսումնառութեան մէջ։ Անցեալ ամառ, Ժոզէֆը Հայաստան այցելեց, մասնակցելով ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ Արհեստավարժներ ծրագրին։ Երեւան գտնուելու շրջանին աւելի յառաջացաւ լեզուի մէջ, հետեւելով ՀՀՀ-ի այն դասընթացքներուն, որոնք կազմակերպուած էին Երիտասարդ Արհեստավարժներուն համար։

Ան կ՚ըսէ. «ՀՀՀ-ի շնորհիւ, իմ կապը Հայաստանի հետ դուրս եկաւ տոլմայի եւ խաշլամայի սահմաններէն։ Ես հիմա հայերէն աւելի լաւ գիտեմ եւ ունիմ հայ ընկերներ թէ՛ Հայաստանէն, թէ՛ աշխարհի տարբեր երկիրներէն։ Շնորհակալ եմ ՀՀՀ-ին, այս հնարաւորութիւնը ընձեռելուն համար»։

Ժոզէֆը, յատուկ տեսանիւթով մը կը պատմէ ՀՀՀ-ի հետ իր փորձառութեան մասին։ Տեսանիւթը կրնաք դիտել սեղմելով հետեւեալ յղումը՝

Հեղինակ՝ Նաիրա Ադամյան
Facebook     Google Plus     Twitter



Կապի Մէջ Մնացէք

ՀՀՀ-ի Մասին

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հայկական առցանց կրթութիւն առաջարկող հաւատարմագրուած առաջատար կառոյցներէն մէկն է։ Իր նպատակն է հայկական կրթութիւն տրամադրել՝ ճարտարագիտական նորագոյն միջոցներով։ ՀՀՀ-ի առցանց լսարանները, 2009-էն ի վեր, յատկացուած են այն ուսանողներուն, որոնք կարելիութիւնը չեն ունեցած հետեւելու հայկական աւանդական կրթական ծրագիրներուն։ Զուգահեռ, ՀՀՀ-ն օժանդակ նիւթեր կը տրամադրէ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին օգտուիլ իր տարբեր հնարաւորութիւններէն։ Ելեկտրոնային գիրքերու շարքի թողարկումը եկաւ հաստատելու, որ ՀՀՀ-ն կ’ընդլայնէ իր աշխատանքային ոլորտը, ընդգրկելով նոր ուղղութիւններ։