Մարի Խաչիկեան. Յոյս, հաւատք, սէր եւ վճռականութիւն

Մարի Խաչիկեանը հետաքրքրասէր եւ աշխոյժ ուսանող մըն է: Ան իր համայնքին մէջ մեծ գործունէութիւն ունի: Մարին Ֆրանսայի Վալանս քաղաքէն է, ուր մեծ թիւով հայ ընտանիքներ կ’ապրին: Մարին ապահովագրական ընկերութեան մը մէջ կ’ աշխատի, երեկոեան Հայկական Համացանցային Համալսարանը կը սորվի, իսկ իր ազատ օրերը կը նուիրէ համայնքին:

Marie Khatchikian Մարի Խաչիկեանին հայրը հայ է, իսկ մայրը ֆրանսացի: Իր երկու եղբայրներուն ` Կիյոմի եւ Մաթիոյի հետ ֆրանսայի մէջ մեծցած է: Ան կարելիութիւն չէ ունեցած հայկական դպրոց հաճախելու եւ հայկական եկեղեցի այցելելու: Իր արմատներու մասին բոլոր տեղեկութիւնները զանազան նակարներու, Հայաստանի մասին պատրաստուած տեսապատկերներու եւ գիրքերու միջոցով ստացած է, որոնք իր մայրը յաճախ գնած է իր համար: Հետաքրքրասէր Մարին, պզտիկ տարիքին առանձինը սորված է հայերէն այբուբենը:

Մեծնալով Ֆրանսայի մէջ, ան միշտ փափաքած է հայերէն խօսիլ եւ Հայաստան այցելել: Ան միշտ հպարտացեր է իր հայկական արմատներով, բայց բնաւ հնարաւորութիւն չէ ունեցած լաւ տեղեկութիւն ստանալ հայկական մշակոյթի մասին:

Մարին պատանի հասակին որոշեց հայկական եկեղեցւոյ մէջ կնքուիլ: Ինչպէս ինքը ըսած է, այդ որոշումը շատ կարեւոր էր իր համար. այն իր «հայկական» կեանքի սկիզբը կը խորհրդանշէր։

Միւս կարեւոր իրադարձութիւնը Մարիին կեանքին մէջ «Սփիւռք-Հայաստան կապ» կազմակերպութիւնը յայտնաբերելն էր: Ան այս կազմակերպութեան մասին իր հայ ընկերոջ շնորհիւ իմացաւ:

Մարին սկսաւ իր ժամանակին մեծ մասը կազմակերպութեան նուիրել: Ան կը կազմակերպէր հանդիպումներ, ցուցահանդէսներ, նաեւ բարեգործական խումբեր կը ղրկէր Հայաստան:

Ան Հայաստան առաջին անգամ 2008 -ին այցելած է : Ետքը առիթ ունեցած է քանի մը անգամ եւս այցելել: Իսկ 2011-ին ան իր ծնողքին խնդրեց միասին երթալ Հայաստան եւ Արցախ:

Մարին երկար ժամանակ հայերէնի ուսուցիչ փնտռած էր, սակայն ապարդիւն: Օր մը իր Փարիզի ընկերներէն մէկը իրեն կը պատմէ Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին: Մարին անմիջապէս կայք կը մտնէ եւ հայերէն դասընթացքի կ’ արձանագրուի: Հայերէն սորվելու իր երազանքը կարծես կ’իրականանայ: «Ինծի համար շատ կարեւոր է հայերէն սորվիլը, որովհետեւ այն հայկական ինքնութեան կարեւոր խորհրդանիշն է»,- ըսաւ ան ՀՀՀի կրթա-մշակութային ծրագիրին մասնակցելու՝ Էջմիածին այցի ժամանակ, որը օնլայն ընկերներու հետ հանդիպելու շատ լաւ հնարաւորութիւն էր:

Այսպիսով, ան վերջապէս գտաւ հայերէն սորվելու իր ճամբան: «Ես առաջին անգամ 2010-ին արձանագրուեցայ եւ մեծ ոգեւորութեամբ սկսայ սորվիլ հայերէն»,- ըսաւ Մարին:

Մարին արդէն 500 բառ գիտէ: Ան հիմա շատ դիրութեամբ կրնայ կազմել հայերէն նախադասութիւններ եւ իր միտքը արտայայտել: Ուսուցիչները քաջալերեցին իրեն իր մեծ կամքի ոյժին համար: «Ես հայկական կրթութիւն չեմ ստացած , նոյնիսկ հայ աղջկայ արտաքին չունիմ, բայց հայերէն սորվիլը իմ արմատներուն մօտենալու ուղին կ’ ըլլայ»,-ըսաւ ան:

Մարին իր սկզբունքներուն հաւատարիմ է. կը հաւատայ, որ միշտ կրնայ գտնել ճամբայ մը իր նպատակներուն հասնելու: Ան կը սիրէ եւ կը գնահատէ իր մշակոյթն ու արմատները, ինչն ալ իրեն ոյժ կու տայ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու: Հայկական Համացանցային Համալսարանը իրեն տուաւ հայկական մշակոյթին մօտիկ ըլլալու , ինչպէս նաեւ հայոց լեզուն սորվելու այդ մեծ կարելիութիւնը:

Սեղմեցէք այստեղ Էջմիածին կատարած այցը տեսնելու

Սեղմեցէք այստեղ Էջմիածին կատարած այցի յօդուածը կարդալու

Յարութ Եկմանեան

ՀՀՀ-ի մասին

Հայկական Համացանցային Համալսարանը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նորագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է: Միութիւնը իր հովանաւորած կրթական բազմաթիւ ծրագիրներուն ծիրէն ներս այսօր կը ներկայանայ բոլորովին նոր մօտեցումներով։ Ծրագիրը ծնունդ առաւ 2004 թուականին՝ ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղին կողմէ Երուանդ Զօրեանի նախագահութեամբ: Ան սփիւռքի եւ հայրենիքի հայ ժողովուրդի ներկայ պահանջները բաւարարող կրթական ծրագիրի անհրաժեշտութեան մասին շատոնց մտածած է եւ բազմիցս նշած է: ՀՀՀ-ը համաժամանակեայ եւ տարաժամանակեայ հաղորդակցման միջոցներու շնորհիւ ուսանողներուն կարելիութիւն կուտայ նոր գիտելիքներ ստանալու իրենց յարմարող ժամանակամիջոցին, ինչպէս նաեւ երեւութական ուսուցիչի եւ դասընկերներու հետ դէմ առ դէմ հաղորդակցուելու։ Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող երեւութական կրթութեան վերջին զարգացումներուն զուգընթաց, ՀՀՀի առաքելութիւնն է նաեւ ստեղծել երեւութական համայնք մը, որ կրնայ մշակութային կրթութեան կողքին իրարու հաղորդակից դարձնել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած հայ ուսանողները, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը շարունակել։ Մանրամասն կրնաք կարդալ` www.avc-agbu.org


ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՓՈԽԵԼ | ԿԱՐԾԻՔ | ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻԼ | ԴԻՒԱՆ

Հեղինակային իրաւունքներ © ՀԲԸՄ ՀՀՀ 2013 www.avc-agbu.org Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են:
Դուք համակարգի կողմէ ճանչուած էք որպէս Հայկական Համացանցային Համալսարանի վերաբերող նորութիւններով հետաքրքրուած անձ


ՕՆԼԱՅՆ ՅՂՈՒՄՆԵՐ
ՀՀՀ Գործունէութիւնը

www.avc-agbu.org

ՀՀՀ Նորութիւնները

ՀՀՀ Նորութիւնները Ստանալ

Հայկական Համացանցային Համալսարանը կը յայտարարէ իր.

2013թ. Աշնանային Ուսումնական շրջանի մեկնարկը

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ ՀԻՄԱ

Դասերը կը սկսին Հոկտեմբեր 7-ին եւ Կը վերջանայ Դեկտեմբեր 10-ին

Շտապեցէք եւ արձանագրուեցէք նախքան 15 Սեպտեմբեր, 2013

Արձանագրուելու համար այցելեցէք ՀՀՀ կայք

www.avc-agbu.org,

Ունեցէք Ձեր մուտքանունը եւ գաղնաբառը եւ ամբողջացուցէք արձանագրութեան թերթիկը

Եթէ հարցումներ ունենաք, գրեցէք այս հասցէին
enrollment@avc-agbu.org






Facebook Linkedin Google+ Vkontakte Twitter Youtube

Skype: AVC-AGBU

Հեռ. (+374 10) 51 22 61

Հեռ: (+374 96) 51 22 61