avc_insight
ԱՅՍ ԻՄ ԸՆՏԱՆԻՔՍ Է, ԱՅՍ ԻՄ ԼԵԶՈՒՍ Է

Սէրը հայ աղջիկի մը հանդէպ մղեց Վիքթոր Մոքիստը, որ արձանագրուի ՀՀՀի հայոց լեզուի դասընթացքներուն: 2011ին ան Տենիմարքի մէջ հանդիպեցաւ Հայաստան ծնած Տաթեւիկ անունով աղջկայ մը եւ մէկ տարի յետոյ որոշեց հայերէն սորվիլ:

«Տաթեւիկի ընտանիքի անդամները իրարու հետ միշտ հայերէն կը խօսին, իսկ ես կը փափաքիմ զրոյցներուն մասնակցիլ։Տաթեւիկը կ՚ուզէ, որ անպատճառ, իր զաւակները հայերէն խօսին եւ ես, կ՚ուզեմ իր զաւակներուն հայրը ըլլալ. այդ իսկ պատճառով ալ լեզուն պէտք է լաւ սորվիմ»:

Բարեբախտաբար, Տաթեւիկը որ լսած էր Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին, առաջարկեց Վիքթորին արձանագրուիլ արեւելահայերէնի դասընթացքներուն: Վերջինս ամիջապէս մասնակցեցաւ եւ աւարտեց առաջին հինգ մակարդակները:

Վիքթորը ըսաւ, որ ՀՀՀի ճկուն համակարգը զինք շատ գրաւած է: Իր բազմազբաղութեան պատճառով, ան յաճախ շաբաթներով առիթ չէր ունենար, ճիշդ ժամանակին, դասերուն hետեւելու:
Victor Moquist
« Ես շատ սիրեցի ուսման ձեւը` ուսուցում, վարժութիւններ եւ ուղիղ կապ, ու այս բոլորը` ցանկացած տեղ: Ես հիանալի ուսուցչուհի ունեցայ` Մարինան : Ան զիս օգնեց, որ միշտ ժամանակին յանձնեմ աշխատանքներս` հակառակ բազմազբաղութեանս»:

Վիքթորը նշած է, թէ հայերէնը եզակի լեզու է եւ չի նմանիր դանիերէնին կամ ալ իր գիտցած միւս երեք լեզուներուն: Մեծ հաճոյք պատճառած է զինք այն հանգամանքը, որ իր սորված գիտելիքները կրնայ արտայայտել հայերէն խօսակցական լեզուով:

Հայ կնոջ հետ հանդիպելէ եւ լեզուն սորվելէ ետք՝ Վիքթորը ծանօթացած է Դանիայի հայկական համայնքին։ Չնայած այն իրողութեան, որ ան միակ օտարերկրացին է, միշտ ալ հայկական համայնքը զինք լաւ ընդունած է, իսկ ինք մեծ սիրով մասնակցած է հայկական բոլոր միջոցառումներուն:

Երբ զինք հարցուցած են երկու երկիրներու մշակութային նմանակութիւններուն մասին, Վիքթորը պատասխանած է , թէ կան հետաքրքրական տարբերութիւններ. «Հայերը կրնան դանիացիներէն որոշ բաներ սորվիլ, իսկ դանիացիները, անկասկած, շատ բան ունին հայերէն սորվելու: Հայկական ընտանիքի եւ ընդհանրապէս ընկերային յարաբերութիւններուն բարքերը զիս հիացուցած են»:

Վիքթորը նաեւ կը զբաղի ՀՀՀի առաքելութիւնը Դանիայի մէջ տարածելու աշխատանքով: Ինք, Տաթեւիկը եւ եօթ այլ անձեր, 2013ին, հիմնեցին Հայաստանի հետ կապեր հաստատող կազմակերպութիւն մը եւ անուանեցին «Amstream» (amstream.net): «Amstream»-ը Քոփէնհակընի մէջ ցուցահանդէս մը կազմակերպեց, նուիրուած` հայկական ճարտարարուեստի, Եւրոպայի ամենամեծ գիտական տօնավաճառի` Եւրոպական ճարտարագիտական ֆօրըմի (ESOF 2014) ընթացքին: «Մենք ներկայացուցինք ՀՀՀի ճատրակի նոր դասընթացքը: Պզտիկներուն եւ երիտասարդներուն կարելիութիւն տուինք ծանօթանալու եւ փորձելու ճատրակի օնլայն դասընթացքը, որը մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուց: Մարդոց ոգեւորեց դասերուն մէջ ներառուած հետաքրքիր վարժութիւններն ու խաղերը»:

Վիքթորը, Օգոստոս 2011-էն ի վեր, ամէն տարի կ ՚այցելէ Հայաստան։ Երեւանի մէջ կը հանդիպի ՀՀՀ գրասենեակ եւ կը ծանօթանայ իր օնլայն ուսուցչուհիին` Մարինային: Ոգեւուրուած կը պատմէ Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրերու, ինչպէս նաեւ` Հայ ժողովուրդի հիւրընկալութեան մասին։

Ինչ կը վերաբերի ՀՀՀի դասընթացքներուն, ապա ան նպատակ ունի զանոնք շարունակելու որոշ ժամանակ մը ետք: Ան կարիքն ունի իր սորվածը վերաքաղելու, որպէսզի ամրապնդէ իր գիտելիքները` նախքան բարձր մակարդակի դասընթացքներու անցնիլը:

Թէեւ ընդհանրապէս դժուար է սիրելի անձէ մը նոր բան սորվիլը, բայց Տաթեւիկը` որպէս հայոց լեզուն տիրապետող անձ, շատ լաւ ձեւով կրցած է օգնել Վիքթորին: Տաթեւիկը հպարտ է իրմով:

Վիքթորը Քոփէնհակընի մէջ հայ ընկերներ շատ ունի: Ան միշտ ալ սիրով կը խօսի ՀՀՀի մասին եւ խորհուրդ կու տայ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին հայերէն սորվիլ, արձանագրուիլ ՀՀՀի դասընթացքներուն:

Հեղինակ՝ Լենա Թաշճեան


Facebook Google Plus Twitter


2014 թ. Ամառնային Ուսումնական Շրջանը Արդէն Ընթացքի Մէջ Է

Տե՛ս Դասընթացքիդ Էջը Եւ Սորվի՛ր       home



ՀՀՀի Առաջին Ելեկտրոնային Գիրք` Հայկական Լեռնաշխարհ
Բացէք նոր էջ…       ebook
home



Կապի մէջ մնացէք

ՀՀՀ-ի մասին

home   www.avc-agbu.org
skype   AVC-AGBU
info_agbu_org   info@avc-agbu.org
phone   (+374 10)51 22 61, (+374 96)51 22 61
newsletter  Նամակով ստանալ ՀՀՀի նորութիւները

ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վելլի մասնաճիւղի նախաձեռնած Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) աշխարհի հայկական օնլայն կրթութիւն շնորհող առաջատար կառոյցներէն մէկն է: 2008-էն ծնունդ առած ՀՀՀի առցանց լսարանները հասանելի են հայկական կրթութեամբ հետաքրքրուողներուն։ ՀՀՀի օնլայն դասերն ստեղծուած են այն ուսողներուն համար, որոնք կարելիութիւն չունին մասնակցելու աւանդական հայկական կրթական ծրագիրներուն , հայկական կրթութիւն ստանալու։ Աշխարհի վրայ օնլայն կրթութեան վերջին զարգացումներուն հետ` ՀՀՀի առաքելութիւնն է ստեղծել օնլայն կրթական համայնք` ամրացնելով մշակութային, կրթական եւ սոցիալական կապերը:



avc_insight