Նազարէթ Սէֆէրեան: ՀՀՀն ինչպէս կ’ օգնէ պահպանել եւ զօրացնել հայ արմատները

ՀՀՀի բացառիկ ուսանողներէն մէկուն պատմութիւնը

Նազարէթ Սէֆէրեանը ներգաղթած հայ է, որ հիմա Երեւան կ'ապրի: Ան Գանատա լիբանանահայ ընտանիքի մը մէջ ծնած է: Ընտանիքը յետագային կը տեղափոխուի Հնդկաստան ուր Նազարէթը եւ իր երկու եղբայրները իրենց մանկութիւնը կ'անցընեն եւ կրթութիւն կը ստանան: 1998ին միջնակարգ դպրոցը աւարտելէ ետք Նազարէթ Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանին մէջ ուսանելու համար Հայաստան կու գայ: Համալսարանը աւարտելէն վերջ ան Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ կը մասնագիտանայ հասարակական առողջապահութեան ասպարէզէն ներս եւ միաժամանակ Քեմպրիճ Համալսարանի կայուն առաջնորդութեան հեռակայ կրթութեան դասընթացքներուն կը հետեւի:

Nazareth Seferian Սէֆէրեանները տունին մէջ միշտ հայերէն խօսած են. «Երբ Հայաստան եկայ, հայերէնս զգալիօրէն բարելաւելու կարելիութիւն ունեցայ, հոս նաեւ ռուսերէն սորվեցայ: Սակայն Հայաստան ապրած տարիներուս ընթացքին հայոց պատմութեան վերաբերեալ մասնագիտական գիտելիքներ ձեռք բերելու հնարաւորութիւն շատ քիչ ունեցայ»,- ըսաւ Նազարէթ:

Նազարէթը Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանին մէջ հայոց լեզուի քանի մը դասընթացք յաճախած է, բայց պատմութեան որեւէ դասընթացք չէ ունեցած: Ան իբրեւ հայ նաեւ իր պատմութիւնը կը փափաքէր ճանչնալ եւ աւելի մանրամասն ուսումնասիրել: Երբ Հայկական Համացանցային Համալսարանին մէջ հայոց պատմութիւն սորվելու հնարաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, ան մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց այս եզակի առիթը եւ միաժամանակ երկու դասընթացքի առձանագրուեցաւ: Բոլոր դասընթացքներէն Նազարէթը ընտրեց հին շրջանի հայոց պատմութիւնը: Ասիկա այն բնագաւառն էր, որուն մասին ան քիչ բան գիտէր: Անոր ընտրութիւնը պայմանաւորուած էր նաեւ իր պատմութեան նկատմամբ ունեցած մեծ հետաքրքրութեամբ:
Նազարէթը Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանին մէջ հայոց լեզուի քանի մը դասընթացք յաճախած է, բայց պատմութեան որեւէ դասընթացք չէ ունեցած: Ան իբրեւ հայ նաեւ իր պատմութիւնը կը փափաքէր ճանչնալ եւ աւելի մանրամասն ուսումնասիրել:
«ՀՀՀի դասընթացքները ինծի հայոց պատմութիւնը ճանչնալու հնարաւորութիւն տուին եւ հիմա ես աւելի համարձակ եւ ինքնավստահ կը մասնակցիմ հայոց պատմութեան վերաբերեալ զրոյցներուն կամ քննարկումներուն: Երբ կը համեմատեմ անցեալին տեղի ունեցած եւ այսօր տեղի ունեցող դէպքերը, ուղղակի կ'ապշիմ տեսնելով թէ պատմութիւնը ինչպէս ամբողջութեամբ կը կրկնուի,- կ'ըսէ Նազարէթ: Իր խօսքը ամբողջացնելով, ան ըսաւ որ ազատ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապրելուն համար ուրախ է եւ հպարտ:

ՀՀՀի դասընթացքները Նազարէթին դրդեցին, որ ան պատմութեան վերաբերեալ ինքնուրոյն ուսումնասիրութիւններ կատարէ: Նազարէթը յուսով է, որ ՀՀՀի դասընթացքները հայոց պատմութեան վերաբերեալ ամբողջական պատկերացում կազմելու հնարաւորութիւն կու տան եւ Հայաստանի պատմութեան կարեւորագոյն իրադարձութիւնները լիարժէքօրէն ըմբռնելու կարելիութիւն կ'ընձեռէն: Ան կ'ակնկալէ նաեւ որ յետագայ դասընթացքները հայ գրականութեան մասին գիտելիքներով կը հարստանան: Նազարէթի կարծիքով ՀՀՀ սփիւռքահայութեան համար հզօր զէնք մը կրնայ ըլլալ, նա՛ մանաւանդ երիտասարդներուն, որոնց համար հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի իմացութիւնը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի: Ան իր ընկերներուն արդէն խորհուրդ տուած է հետեւիլ ՀՀՀի դասընթացքներուն:

Նազարէթի արդիւնաւէտ փորձը անվիճելի օրինակ է սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող բոլոր հայերուն համար. «ՀՀՀն ինծի տալով իմ սեփական պատմութեան իմացութիւնը, մեծապէս օգնեց որ աւելի լաւ եւ ճիշդ հասկնամ հայերուն եւ հայաստանը, ուստի եւ աւելի լաւ հայ մը դառնալու մղեց զիս»:

Յարութ Եկմանեան


ՀՀՀ-ի մասին

Հայկական Համացանցային Համալսարանը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նորագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է: Միութիւնը իր հովանաւորած կրթական բազմաթիւ ծրագիրներուն ծիրէն ներս այսօր կը ներկայանայ բոլորովին նոր մօտեցումներով։ Ծրագիրը ծնունդ առաւ 2004 թուականին՝ ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղին կողմէ Երուանդ Զօրեանի նախագահութեամբ: Ան սփիւռքի եւ հայրենիքի հայ ժողովուրդի ներկայ պահանջները բաւարարող կրթական ծրագիրի անհրաժեշտութեան մասին շատոնց մտածած է եւ բազմիցս նշած է: ՀՀՀ-ը համաժամանակեայ եւ տարաժամանակեայ հաղորդակցման միջոցներու շնորհիւ ուսանողներուն կարելիութիւն կուտայ նոր գիտելիքներ ստանալու իրենց յարմարող ժամանակամիջոցին, ինչպէս նաեւ երեւութական ուսուցիչի եւ դասընկերներու հետ դէմ առ դէմ հաղորդակցուելու։ Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող երեւութական կրթութեան վերջին զարգացումներուն զուգընթաց, ՀՀՀի առաքելութիւնն է նաեւ ստեղծել երեւութական համայնք մը, որ կրնայ մշակութային կրթութեան կողքին իրարու հաղորդակից դարձնել աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած հայ ուսանողները, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը շարունակել։ Մանրամասն կրնաք կարդալ` www.avc-agbu.org


ՏՈՒԵԱԼՆԵՐԸ ՓՈԽԵԼ | ԿԱՐԾԻՔ | ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻԼ | ԴԻՒԱՆ

Հեղինակային իրաւունքներ © ՀԲԸՄ ՀՀՀ 2013 www.avc-agbu.org Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են:
Դուք համակարգի կողմէ ճանչուած էք որպէս Հայկական Համացանցային Համալսարանի վերաբերող նորութիւններով հետաքրքրուած անձ


ՕՆԼԱՅՆ ՅՂՈՒՄՆԵՐ
ՀՀՀ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

www.avc-agbu.org

ՀՀՀ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՀՀՀ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍՏԱՆԱԼ

Հայկական Համացանցային Համալսարանը կը յայտարարէ իր.

2013թ. Աշնանային Ուսումնական շրջանի մեկնարկը

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԵՑԷՔ ՀԻՄԱ

Դասերը կը սկսին Հոկտեմբեր 7-ին եւ Կը վերջանայ Դեկտեմբեր 10-ին

Շտապեցէք եւ արձանագրուեցէք նախքան 15 Սեպտեմբեր, 2013

Արձանագրուելու համար այցելեցէք ՀՀՀ կայք

www.avc-agbu.org,

Ունեցէք Ձեր մուտքանունը եւ գաղնաբառը եւ ամբողջացուցէք արձանագրութեան թերթիկը

Եթէ հարցումներ ունենաք, գրեցէք այս հասցէին
enrollment@avc-agbu.org






Facebook Linkedin Vkontakte Twitter Youtube

Skype: AVC-AGBU

Հեռ. (+374 10) 51 22 61

Հեռ: (+374 96) 51 22 61