ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐ
ՏԵՍԱՆԻՒԹ
ՀՀՀ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ
ԱՐՁԱԳԱՆՔ
Ուղարկել արձագանք
Ծրագիր

Դասընթացքի անուանումը եւ թիւը
Al 311: Առաջամետ մակարդակի արեւելահայերէն - (արեւմտահայերէն) 3 վարկանիշով

Ուսումնական շրջան
2013թ. Ամառնային ուսումնական շրջան
Յուլիս 1- Սեպտեմբեր 3

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ(Ժամեր/շաբաթ)

Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային) 1-2  Ժամ
Քննարկումներ 2-3 Ժամ
Առաջադրանքներ 2-3 Ժամ
Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն 5-8 Ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով.
  • ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն թեքսթերը եւ դասանիւթերը.
  • Աշխատին փոքր խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը.

Դասընթացքի նկարագրութիւնը եւ նպատակը
Դասին հիմնական նպատակն է ուսանողներուն լեզուական գիտելիքները եւ կարողութիւնները կատարելագործել: Ուսանողները այս ուսումնական շրջանին կը շարունակեն զարգացնել իրենց խօսելու, կարդալու, գրելու եւ լսելով ըմբռնելու կարողութիւնը երկխօսութիւններու եւ բնագիրներու միջոցաւ: Անոնք անձնական, ցուցական, հարցական, հարաբերական, անորոշ, որոշեալ, փոխադարձ եւ անդրադարձ դերանունները կը սորվին, ածանցաւոր, պատճառական եւ կրավորական բայերու կազմութիւնը կը գիտնան, ինչպէս նաեւ գոյականը, ածականը, թուականը նախադասութիւններուն մէջ աւելի ճկուն եւ հմտօրէն կիրարկելու կարելիութիւնը կ’ ունենան:

Դասընթացքի նիւթերը
Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:

Գրականութեան ցանկը

  • Ս.Աբրահամեան, Հայոց լեզու, բառ ու խօսք, Երեւան, 1972:
  • Գ. Ջահուկեան, Հայոց լեզու, Երեւան, 1976:
  • Ջ. Կիւլամիրեան, Հայոց լեզուի տարրական ուսուցման եղանակ, Երեւան, 2006:
  • Վ.Ի. Կապինոս. Развитие речи. Теория и практика обучения[Խօսքի զարգացում, ուսուցման տեսութիւն եւ կիրարկում]. (Մոսկուա, 1991):
  • Ս.Ճ. Սավիկնօն եւ Մ.Ս. Պրնս.Communicative language teaching: Where are we going? Studies in Language. [Հաղորդակցման ուսուցում, Ո՞ւր կ’ երթանք, Լեզուի ուսուցում] (Օքսֆօրտ; Օքսֆօրտ Համալսարանի հրատարակութիւն, 1983):

Ուսուցման արդիւնքները
Արեւելահայերէնի դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները բայերու, դերանուններու, գոյականներու, ածականներու եւ թուականներու մասին իրենց ունեցած գիտելիքները ընդլայնած պիտի ըլլան, ինչն ալ պիտի նպաստէ ուսանողներուն մինչեւ հիմա ձեռք բերած գիտելիքներուն հարստացմանը: Ուսանողները նոր բառեր եւ արտայայտութիւններ սորվելով կարելիութիւն պիտի ունենան ճշգրիտ եւ պարզ արտայայտելու իրենց միտքերը թէ´ բանաւոր, թէ´ գրաւոր:

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, երկխօսութիւն﹐գոյականին թիւը, անձնական դերանուններ﹐բնագիր:
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, երկխօսութիւն﹐ հաւաքական գոյական,ցուցական դերանուններ, բնագիր:
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, երկխօսութիւն﹐ ածական, հարցական դերանուններ, բնագիր:
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, երկխօսութիւն﹐ թուական, հարաբերական դերանուններ﹐բնագիր:
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, երկխօսութիւն﹐ բայի կազմութիւնը, որոշեալ դերանուններ﹐բնագիր:
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, երկխօսութիւն﹐ ածանցաւոր բայեր﹐ անորոշ դերանուններ, բնագիր:
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, երկխօսութիւն﹐ պատճառական բայեր, ժխտական դերանուններ, բնագիր:
  • Բառեր եւ արտայայտութիւններ, երկխօսութիւն﹐ կրավորական բայեր, փոխադարձ եւ անդրադարձ դերանուններ, բնագիր:

Դասաւանդման մեթոդաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասընթացքի դասացուցակը
Դասընթացքը կը տեւէ 9 շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Ուսանողին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր շաբթուայ 5 օրերու ընթացքին:


Շաբաթ 0
Ծանօթացումի շաբաթ
Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն իրենց ուսանելու ձեւը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին:
Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցութեան եւ ուսման միջոցներու հետ եւ կիրարկեն զանոնք:
Շաբաթ 1-8 Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ
Շաբաթ 4 Միջանկեալ քննութիւն
Շաբաթ 8 Աւարտական քննութիւն

 
Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն  յանձնեն առաջադրանքները:  Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի ակադեմիական քաղաքականութեան հետ:

Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% - մասնակցութիւն
20%- առաջադրանքներ
30%- միջանկեալ քննութիւն
30% - աւարտական քննութիւն

Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի գնահատման քաղաքականութեանը:

Առաջադրանքները ուշ յանձնելու ժամանակ:
Ուսանողը առաջադրանքները պէտք է ճիշդ ժամանակին յանձնէ, որպէսզի դասէն օգտուի, իսկ ուսուցիչը հնարաւորութիւն ունենայ առաջադրանքը գնահատելու: Ուսանողը եթէ առաջադրանքը սահմանուած օրէն մէկ շաբաթ ուշ յանձնէ, ապա գնահատականը 10%-ով կը պակսի, իհարկէ, եթէ ուսուցիչը նախապէս տեղեկացուցած չըլլայ այդ մասին: Երկու շաբաթ ուշ յանձնուած առաջադրանքը չի գնահատուիր ուսուցիչին կողմէ, այլ միայն կը սրբագրուի:

Արձանագրուելու համար ամբողջացուցէք արձանագրութեան թերթիկը:

ԸՆԹԱՑԻԿ
2013թ. Ամառնային շրջան
ՎՃԱՐ ԵՎ ՎՃԱՐՄԱՆ ԿԱՐԳ
Ստորեւ ներկայացուած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներու ուսման գինը:
Armnet2012 Winner
GRADUATION
ՆՈՒԷՐ ԲԱՑԻԿ
ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ
ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ՀՀՀ ՕՐԱՑՈՅՑ 2013Թ.
ՀՀՀ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀՎՀ ՆՈՐՈՒԹԻՈՒՆՆԵՐԸ
ԿԱՊԻ ՄԵՋ ԵՂԷՔ