ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐ
ՏԵՍԱՆԻՒԹ
ՀՀՀ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ
ԱՐՁԱԳԱՆՔ
Ուղարկել արձագանք
Ծրագիր

Դասընթացքի անուանումը եւ թիւը
AL 201: Մերձ-միջակայ արեւելահայերէն - (արեւմտահայերէն) 3 վարկանիշով

Ուսման շրջան
2013թ. Ամառնային ուսումնական շրջան
Յուլիս 1- Սեպտեմբեր 3

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ(Ժամեր/շաբաթ)

Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային) 1-2  Ժամ
Քննարկումներ 2-3 Ժամ
Առաջադրանքներ 2-3 Ժամ
Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն 5-8 Ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով.
  • ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն թեքսթերը եւ դասանիւթերը.
  • Աշխատին փոքր խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը.

Դասընթացքի նկարագրութիւնը եւ նպատակը
Դասին հիմնական նպատակն է ուսանողներուն գիտելիքները կատարելագործել, արեւելահայերէնի քերականական,  բառագիտական եւ հնչիւնաբանական կանոնները սորվեցնելով:  Ուսանողները կը սորվին ձայնաւորներուն եւ երկհնչիւններուն հնչիւնափոխութեան կանոնները, գոյականին թիւը, ածականներուն համեմատական աստիճանները, քանակական եւ դասական թուականները , ինչպէս նաեւ բային դիմաւոր ձեւերը:  Ուսանողները կը շարունակեն զարգացնել իրենց խօսելու, կարդալու, գրելու եւ լսելով ըմբռնելու կարողութիւնը:  

Դասընթացքի նիւթերը
          Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն:  Ուսանողները պէտք է   կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:

Գրականութեան ցանկը

  • Ս.Աբրահամեան, Հայոցլեզու, բառուխօսք, Երեւան, 1972:
  • Գ. Ջահուկեան, Հայոցլեզու, Երեւան, 1976:
  • Ջ. Կիւլամիրեան, Հայոցլեզուիտարրականուսուցմանեղանակ, Երեւան, 2006:
  • Վ.Ի. Կապինոս.Развитие речи. Теория и практика обучения [Խօսքի զարգացում, ուսուցմանտեսութիւնեւկիրարկում]. (Մոսկուա, 1991):
  • Ս.Ճ. Սավիկնօն եւ Մ.Ս. Պրնս.Communicative language teaching: Where are we going? Studies in Language. [Հաղորդակցմանուսուցում, Ո՞ւրկերթանք, Լեզուիուսուցում] (Օքսֆօրտ; Օքսֆօրտ Համալսարանի հրատարակութիւն, 1983):

Ուսուցման արդիւնքները

Արեւելահայերէնի դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները կարողութիւն կ’ունենան կիրարկելու հնչիւնափոխութեան կանոններ եւ  կազմելու ճիշդ նախադասութիւններ, ինչպէս նաեւ կ̓ ուսանին գոյականին թիւի կազմութիւնը, ածականներուն համեմատական աստիճանները, քանակական եւ դասական թուականները եւ բային դիմաւոր ձեւերը: Ուսանողները նաեւ կը վարժուին գրել, կարդալ եւ ճիշդ ընկալել իրենց լսած բառերը եւ նախադասութիւնները:
Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Նիւթի մը շուրջ բառեր, երկհնչիւններ, յատուկ եւ հասարակ գոյականներ, բնագիր, երկխօսութիւն
  • Նիւթի մը շուրջ բառեր, վանկ, գոյականին թիւը, բնագիրներ
  • Նիւթի մը շուրջ բառեր, շեշտ, քանակական եւ դասական թուականներ, նախադասութիւններ, բնագիր
  • Նիւթի մը շուրջ բառեր, ցուցական դերանուններ, արտայայտութիւններ, բնագիր, եկէ´ք գրենք
  • Նիւթի մը շուրջ բառեր, ածականի բաղդատութեան աստիճանները, արտայայտութիւններ, երկխօսութիւն, եկէ´ք գրենք
  • Նիւթի մը շուրջ բառեր, ներկայ եւ անցեալ անկատարի խոնարհումը, արտայայտութիւններ, եկէ´ք գրենք
  • Նիւթի մը շուրջ բառեր, ներկայ վաղակատարի եւ անցեալ վաղակատարի խոնարհումը, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, եկէ´ք գրենք
  • Նիւթի մը շուրջ բառեր, ներկայ ապակատարի եւ անցեալ ապակատարի խոնարհումը, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, եկէ´ք գրենք
Դասընթացքի դասացուցակը
Դասընթացքը կը տեւէ 9 շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Ուսանողին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր շաբթուայ 5 օրերու ընթացքին:


Շաբաթ 0
Ծանօթացումի շաբաթ
Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն իրենց ուսանելու ձեւը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին:
Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցութեան եւ ուսման միջոցներու հետ եւ կիրարկեն զանոնք:
Շաբաթ 1-8 Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ
Շաբաթ 4 Միջանկեալ քննութիւն
Շաբաթ 8 Աւարտական քննութիւն

 
Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն  յանձնեն առաջադրանքները:  Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի ակադեմիական քաղաքականութեան հետ:

Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% - մասնակցութիւն
20%- առաջադրանքներ
30%- միջանկեալ քննութիւն
30% - աւարտական քննութիւն

Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի գնահատման քաղաքականութեանը:

Առաջադրանքները ուշ յանձնելու ժամանակ:
Ուսանողը առաջադրանքները պէտք է ճիշդ ժամանակին յանձնէ, որպէսզի դասէն օգտուի, իսկ ուսուցիչը հնարաւորութիւն ունենայ առաջադրանքը գնահատելու: Ուսանողը եթէ առաջադրանքը սահմանուած օրէն մէկ շաբաթ ուշ յանձնէ, ապա գնահատականը 10%-ով կը պակսի, իհարկէ, եթէ ուսուցիչը նախապէս տեղեկացուցած չըլլայ այդ մասին: Երկու շաբաթ ուշ յանձնուած առաջադրանքը չի գնահատուիր ուսուցիչին կողմէ, այլ միայն կը սրբագրուի:

Արձանագրուելու համար ամբողջացուցէք արձանագրութեան թերթիկը:

ԸՆԹԱՑԻԿ
2013թ. Ամառնային շրջան
ՎՃԱՐ ԵՎ ՎՃԱՐՄԱՆ ԿԱՐԳ
Ստորեւ ներկայացուած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներու ուսման գինը:
Armnet2012 Winner
GRADUATION
ՆՈՒԷՐ ԲԱՑԻԿ
ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ
ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ՀՀՀ ՕՐԱՑՈՅՑ 2013Թ.
ՀՀՀ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀՎՀ ՆՈՐՈՒԹԻՈՒՆՆԵՐԸ
ԿԱՊԻ ՄԵՋ ԵՂԷՔ