ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐ
ՏԵՍԱՆԻՒԹ
ՀՀՀ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ
ԱՐՁԱԳԱՆՔ
|
Ծրագիր
Դասընթացքի անուանումը եւ թիւը
Al 111: Տարրական արեւելահայերէն - (արեւմտահայերէն) 3 վարկանիշով
Ուսումնական շրջան
2013թ. Ամառնային ուսումնական շրջան
Յուլիս 1- Սեպտեմբեր 3
Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ(Ժամեր/շաբաթ)
|
Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային) |
1-2 Ժամ |
| Քննարկումներ |
2-3 Ժամ |
| Առաջադրանքներ |
2-3 Ժամ |
| Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն |
5-8 Ժամ |
Մասնակիցները պէտք է`
- Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով.
- ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն թեքսթերը եւ դասանիւթերը.
- Աշխատին փոքր խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը.
Դասընթացքի նկարագրութիւնը եւ նպատակները
Արեւելահայերէնի դասընթացքը հնարաւորութիւն կու տայ ուսանողներուն բազմաթիւ բառեր սորվելու եւ այդ բառերով զանազան նախադասութիւններ կազմելու: Միեւնոյն ատեն անոնք կարելիութիւն կ’ունենայ անսխալ գրելու` սորվելով ուղղագրական որոշ կանոններ: Ուսանողները նաեւ հնարաւորութիւն կ’ունենան կարդալու տարբեր երկխօսութիւներ եւ բնագիրներ: Իսկ իւրաքանչիւր դասի ավարտին կը կատարեն ուսուցողական վարժութիւններ:
Դասընթացքի գրականութեան ցանկը
Ն. Այվազեան. Առաւել գործնական քերականական եզրերու բառարան, հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն: Երեւան 2000
Ս. Գալստեան. Ուսումնական ձեռնարկ. Արտասահմանեան քաղաքացիներու նախապատրաստական ֆակուլտետներու համար: Երեւան 1968
Ս.Գալստեան եւ Գրիգոր Գարէքինեան: Հայերէն զրուցարան: Երեւան 1990
Ուսուցման արդիւնքները
Արեւելահայերէնի սկսնակներ դասընթացքը աւարտելէ ետք, ուսանողները սորված կ’ըլլան բազմաթիւ բառեր հնարաւորութիւն ունենալով այդ բառերը կարդալու, անսխալ գրելու եւ արտասանելու: Նաեւ դասի ընթացքին ուսանողները կը կազմեն պարզ եւ կարճ տարբեր նախադասութիւններ իսկ կարդալով իւրաքնչիւր դասի երկխօսութիւնը, հասկնալի ձեւով կ’արտայայտեն իրենց միտքերը:
Դասընթացքի բովանդակութիւնը
- Նիւթի մը շուրջ բառեր, գոյականներ, ածականներ, գոյականով եւ ածականով կազմուած նախադասութիւններ, երկխօսութիւն
- Նիւթի մը շուրջ բառեր, գոյականներ,հարցական դերանուններ, թուականով եւ գոյականով կազմուած նախադասութիւններ, երկխօսութիւն
- Նիւթի մը շուրջ բառեր, գոյականներ, յօդեր, անձնական դերանուն, դերանունով եւ գոյականով կազմուած նախադասութիւններ, բնագիր
- Նիւթի մը շուրջ բառեր, բայ, անձնական դերանուն, դերանունով եւ բայով կազմուած նախադասութիւններ, բնագիր
- Նիւթի մը շուրջ բառեր, գոյականներ, ածականներ, ժխտական նախադասութիւններ, երկխօսութիւններ
- Նիւթի մը շուրջ բառեր, բայեր, ներկայ ժամանակի դրական եւ ժխտական խոնարհումը, նախադասութիւններ, բնագիր
- Նիւթի մը շուրջ բառեր, բայեր, անցեալ ժամանակի դրական եւ ժխտական խոնարհումը, ժամանակի մակբայով կազմուած նախադասութիւններ, բնագիր
- Նիւթի մը շուրջ բառեր, ապառնի ժամանակի դրական եւ ժխտական խոնարհումը, հրամայական եղանակ, շաղկապ պարունակող նախադասութիւններ, բնագիր
Դասաւանդման մեթոդաբանութիւնը
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու գործընթացքի մէջ: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:
Դասընթացքի դասացուցակը
Դասընթացքը կը տեւէ 9 շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Ուսանողին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր շաբթուայ 5 օրերու ընթացքին:
Շաբաթ 0 |
Ծանօթացումի շաբաթ
Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն իրենց ուսանելու ձեւը` լրացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին:
Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցութեան եւ ուսման միջոցներու հետ եւ կիրարկեն զանոնք: |
| Շաբաթ 1-8 |
Դաս 1-8
Հարցումներ եւ առաջադրանքներ |
| Շաբաթ 4 |
Միջանկեալ քննութիւն |
| Շաբաթ 8 |
Աւարտական քննութիւն |
Դասընթացքի պահանջները եւ գնահատման կարգը
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի ակադեմիական քաղաքականութեան հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% - մասնակցութիւն
20%- առաջադրանքներ
30%- միջանկեալ քննութիւն
30% - աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի գնահատման քաղաքականութեանը:
Առաջադրանքները ուշ յանձնելու ժամանակ:
Ուսանողը առաջադրանքները պէտք է ճիշդ ժամանակին յանձնէ, որպէսզի դասէն օգտուի, իսկ ուսուցիչը հնարաւորութիւն ունենայ առաջադրանքը գնահատելու: Ուսանողը եթէ առաջադրանքը սահմանուած օրէն մէկ շաբաթ ուշ յանձնէ, ապա գնահատականը 10%-ով կը պակսի, իհարկէ, եթէ ուսուցիչը նախապէս տեղեկացուցած չըլլայ այդ մասին: Երկու շաբաթ ուշ յանձնուած առաջադրանքը չի գնահատուիր ուսուցիչին կողմէ, այլ միայն կը սրբագրուի:
Արձանագրուելու համար ամբողջացուցէք արձանագրութեան թերթիկը:
|
ԸՆԹԱՑԻԿ
2013թ. Ամառնային շրջան
ՎՃԱՐ ԵՎ ՎՃԱՐՄԱՆ ԿԱՐԳ
Ստորեւ ներկայացուած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներու ուսման գինը:
Armnet2012 Winner
GRADUATION
ՆՈՒԷՐ ԲԱՑԻԿ
ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ
ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ՀՀՀ ՕՐԱՑՈՅՑ 2013Թ.
ՀՀՀ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀՎՀ ՆՈՐՈՒԹԻՈՒՆՆԵՐԸ
ԿԱՊԻ ՄԵՋ ԵՂԷՔ
|