ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐ
ՏԵՍԱՆԻՒԹ
ՀՀՀ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ
ԱՐՁԱԳԱՆՔ
Ուղարկել արձագանք
ՄԱՄՈՒԼԻ ՍԵՆԵԱԿ

Գանատայէն եկած աշակերտները ՀԲԸՄ ՀՀՀ այցելեցին
(6, Օգոստոս, 2010 )
Գանատայի գրասենեակի 16-25 տարեկան խումբ մը կամաւորներ 2010 թուականի Օգոստոս 6ին ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարան այցելեցին: Անոնց այցելութեան նպատակը համալսարանի ընդհանուր գործունէութեան եւ անոր մշակած դասընթացքներուն մօտէն ծանօթանալն էր:
«Ես կը կարծեմ թէ Հայկական Համացանցային Համալսարանը հրաշալի կարելիութիւն է բոլոր անոնց, որոնք հայերէնով եւ հայկական մշակոյթով կը հետաքրքրուին եւ որոնց ես հոս բերի»,- ըսաւ հայ-գանատական «Բարեւ Երկիր» նախագիծի ներկայացուցիչ Զապէլ Պերպէրեան:
Երիտասարդները Գանատայի զանազան տեղերէն Հայաստան եկած էին, հոս գիւղերէն մէկուն մէջ տուն մը կառուցելու աշխատանքներուն մասնակցելու համար: Ճամբորդութիւնը Գանատայի Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին կազմակերպած էր: Կամաւորներէն մէկ քանին քիչ մը հայերէն գիտէին, սակայն Հայաստան գտնուելու ատեն աւելի մեծ հետաքրքրութիւն արթնցաւ անոնց մէջ հայ մշակոյթի եւ hայերէնի հանդէպ:
ՀՀՀ տնօրէն Յասմիկ Խալափեան հիւրերը սիրով ընդունեց եւ անոնց համալսարանի գաղափարի յղացման, ստեղծման եւ հիմակուան գործունէութեան մասին պատմեց, որուն յաջորդեց ՀՀՀ զարգացման մասնագէտ Թալին Ջեղելեանը, որ հիւրերուն հայոց պատմութեան մէկ դաս ներկայացուց, իսկ երիտասարդները դասին ընդգրկած հարցաշարին պատասխանեցին: Կամաւորները ՀՀՀ ծրագիրներով եւ դասերով լրջօրէն հետաքրքրուեցան եւ իրենց համայնքներուն մէջ համալսարանի դեսպանները փափաքեցան դառնալ:

ԸՆԹԱՑԻԿ
2013թ. Ամառնային շրջան
ՎՃԱՐ ԵՎ ՎՃԱՐՄԱՆ ԿԱՐԳ
Ստորեւ ներկայացուած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներու ուսման գինը:
Armnet2012 Winner
GRADUATION
ՆՈՒԷՐ ԲԱՑԻԿ
ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ
ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ՀՀՀ ՕՐԱՑՈՅՑ 2013Թ.
ՀՀՀ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀՎՀ ՆՈՐՈՒԹԻՈՒՆՆԵՐԸ
ԿԱՊԻ ՄԵՋ ԵՂԷՔ