DEPARTMENTS
VIDEO MATERIALS
AVC STUDENTS
FEEDBACK
Send Feedback
AVC NEWS

«ՀՀՀ-ն Իմ Աչքերով» մրցանքի յաղթողները արդէն յայտնի են: Լաւագոյն 3 լուսանկարները եւ տեսանիւթերը ընտրուած են: Այդ մրցանքին մասնակցած էին աւելի քան 130 հոգի﹐որոնցմէ 83-ը ՀՀՀ-ի ուսանողներ էին, իսկ 24-ը տարբեր երկիներէ մասնակիցներ:
Առաջին մրցանակը Գէորգ Արզումանեանը (Հայաստան, Չարենցաւան) շահեցաւ: Ան «ՀՀՀ» վերնագիրով նկար մը ներկայացուցած էր: Այդտեղ պատկերուած էր ծիրանենիի մեծ ճիւղ մը եւ երեք հասուն ծիրաններ, որոնք ՀՀՀ-ն եւ իր շրջանաւարտները կը խորհրդանշեն: Տեսանկարչական մրցանքի առաջին մրցանակը Մատթէոս Սոպրալ Պենթան (Պրազիլ﹐ Ֆորդալիզա) շահեցաւ: Ան «Իմ պատմութիւնը» վերնագիրով տեսանիւթ մը պատրաստած էր: Մատթէոսը հայ աղջկայ մը հետ ունեցած իր սիրոյ պատմութիւնը պատմած է: Այդ աղջիկը իր մէջ սերմանած է Հայաստանի եւ հայկական մշակոյթի հանդէպ մեծ սէր﹐ ինչն ալ իր մէջ հայերէն սորվելու մեծ ցանկութիւն արթնցուցած է : Տեսանիւթին մէջ Մատթէոսը խոստովանած է որ հայերէն սորվելու լաւագոյն միջոցը ՀՀՀ-ն է ﹐ մանաւանդ այն մարդկանց համար որոնք Հայաստանէն դուրս կʼ ապրին:
Լուսանկարչական մրցանքի երկրորդ եւ երրորդ մրցանակները Հայաստանի Երեւան քաղաքէն Աննա Ասլիքեանը եւ Վրաստանի Թիֆլիս քաղաքէն Ալեքս Օկանեզովը շահեցան: Աննա Ասլիքեանը «Մեր զօրութիւնը մեր միութեան մէջ է» վերնագիրով նկար մը ներկայացուցած էր: Ան երկու թուղթ նկարած է ﹐ որոնք իրարու հետ թել եւ ասեղով կարուած են: Այդ երկու գրուած թուղթերը Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը կը խորհրդանշեն: Իսկ Ալեքս Օկանեզովը «Աւադար ՀՀՀ-ի Համար» վերնագիրով նկար մը ներկայացուցած էր: Ան գեղեցիկ աղջիկ մը նկարած էր﹐ որ նստած՝ ՀՀՀ-ի օնլայն դասընթացքին կը հետեւի:
Երեւանցի Գոհար Նաւասարդեանը տեսանկարչական մրցանքի երկրորդ մրցանակը﹐ եւ Դամասկոսէն Անոյշ Գէօրօղլեանը երրորդ մրցանակը շահեցան: Գոհարը իր ՀՀՀ-ի առօրեան նկարագրած էր ﹐ իսկ Անոյշը հայկական դպրոցներու մասին պատմած էր ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի հայոց այբուբենը ստեղծած օրէն մինչեւ մեր օրերը﹐ երբ արդէն ՀՀՀ-ի միջոցով օնլայն հայերէն սորվելու կարելիութիւնը ունինք:
Մրցանակները հետեւեալներն են` ՀՀՀ-ի մէկ անվճար դասընթացք (գինը`199$), յատուկ ձեռքի աշխատանք մը եւ յաղթողի վկայագիր: Լուսանկարները եւ տեսանիւթերը բաց քուէարկութեամբ եւ ՀՀՀ-ի խորհուրդի կողմէ ընտրուած անձնակազմի անդամները ընտրած են՝ նախապէս սահմանուած 3 չափանիշներու հիման վրայ. համապատասխանութիւն մրցոյթի նիւթին, ստեղծագործական միտք, ընդհանուր տպաւորութիւն:
Լաւագոյն լուսանկարները ՀՀՀ-ի 3-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսութեան ժամանակ ցուցադրուած էին (17﹐ Հոկտեմբեր﹐ 2012): ՀՀՀ-ն կը շնորհաւորէ «ՀՀՀ-ն Իմ Աչքերով» լուսանկարչական ամենամեայ մրցանքին յաղթողներուն եւ կը մաղթէ նորանոր յաղթանակներ:

CURRENT
Summer Term 2013
TUITION FEES AND PAYMENT
Below is the outline of tuition fees for AVC courses.
GRADUATION
GIFT CERTIFICATE
LIVE CHAT
CAREERS
AVC CALENDAR 2013
PRESS ROOM
AVC NEWS
STAY CONNECTED