ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐ
ՏԵՍԱՆԻՒԹ
ՀՀՀ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ
ԱՐՁԱԳԱՆՔ
Ուղարկել արձագանք
ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ.
  • Windows 7

    Արեւմտահայերէն եւ Արեւելահայերէն դասընթացքներու ատեն հայերէն տառերը տեսնելու համար Windows 7 ծրագիրի լեզուներու բաժինը որոշ յաւելումներու պէտք ունի: կը խնդրենք նշուած քայլերուն հետեւիլ` հայերէն տառերը բեռնաւորելու եւ տեսնելու համար.
  • Բեռնաւորեցէ՛ք տառերը:  Armenian_fonts.zip ը բեռնաւորելէ եւ այն սահորդով նշելէ ետք պիտի բացուի յայտի պատուհանը (WinRAR կամ Ձեր օգտագործած որեւէ այլ unzip ծրագիր), որ շարք մը հրահանգներ կը թելադրէ menuի ցանկին մէջ: Extract To այդ հրահանգներէն մէկն է: Այն ընտրելէ ետք Դուք բացուած յղումը C:\Armenian_fontsով պէտք է փոխէք: Նշուած գործողութեան արդիւնքը պիտի ըլլայ այն, որ հայերէնի տառատեսակները կը փոխանցուին C:\Armenian_fonts թղթակալ: 
  • Յետոյ Control Panel էջը բացէ՛ք  եւ սեղմեցէ՛ք Fonts (տառատեսակներ) ծրարը: Ծրարը չգտնելու պարագային սեղմեցէ՛ք View by կոճակը՝ Control Panelի էջի վերի աջ անկիւնը, եւ ընտրեցէ՛ք Iconը  Categoryի փոխարէն: Բացուած Fontթղթակալին մէջ տառատեսակները կը գտնէք: C:\Armenian_fonts թղթակալի բոլոր տառատեսակները ընտրեցէ՛ք եւ մկնիկի աջ մատի օգնութեամբ Fontsթղթակալ տարէք: Նշուած գործողութեան արդիւնքը պիտի ըլլայ այն, որ հայերէնի բոլոր տառատեսակները Fontsթղթակալին պիտի աւելնան:
  • Բացուած բոլոր պատուհանները գոցեցէ՛ք:
  • Հայերէն ստեղնաշարով մուտքագրելու համար պէտք է կատարէք հետեւեալ քայլերը.
  • Բացէ՛ք Control Panel->Region and Language-> Keyboards and Languages->Change keyboards:
    • General բաժինին մէջ գտէ՛ք եւ սեղմեցէ՛ք Add կոճակը, ընտրեցէ՛ք Armenian->Armenian Western կամ Armenian Eastern:
    • Բացուած բոլոր պատուհանները OK կոճակը քանի մը անգամ սեղմելով գոցեցէ՛ք:
    • Երբ  ստեղնաշարի դասաւորութիւնը հայերէնի ուզէք  փոխել, սեղմեցէ՛ք  մայր էջի վարի աջ անկիւնը, ժամացոյցին քով եղող  պզտիկ, կապոյս EN  նշանակը ու  փոխեցէ՛ք այն HYԻ:

      Դուք հիմա հայերէն կրնաք գրել եւ հայերէնի տառատեսակները տեսնել:
    • On-Screen Keyboard (ստեղնաշարի դասաւորութիւն) բանալու համար սեղմեցէ՛ք Start, սահորդը Programsի վրայ պահեցէ՛ք, ապա Accessories, յետոյ  Accessibility, որմէ ետք On-Screen Keyboardը պէտք է սեղմէք:     
ԸՆԹԱՑԻԿ
2013թ. Ամառնային շրջան
ՎՃԱՐ ԵՎ ՎՃԱՐՄԱՆ ԿԱՐԳ
Ստորեւ ներկայացուած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներու ուսման գինը:
Armnet2012 Winner
GRADUATION
ՆՈՒԷՐ ԲԱՑԻԿ
ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ
ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ՀՀՀ ՕՐԱՑՈՅՑ 2013Թ.
ՀՀՀ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀՎՀ ՆՈՐՈՒԹԻՈՒՆՆԵՐԸ
ԿԱՊԻ ՄԵՋ ԵՂԷՔ