ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐ
ՏԵՍԱՆԻՒԹ
ՀՀՀ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ
ԱՐՁԱԳԱՆՔ
Ուղարկել արձագանք
ՅԱՐԳԵԼԻ ՈՒՍԱՆՈՂ
Բարի գալուստ Հայկական Համացանցային Համալսարան (ՀՀՀ)։ Հայկական Համացանցային Համալսարանը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նորագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է։ Միութիւնը իր հովանաւորած կրթական բազմաթիւ ծրագիրներուն ծիրէն ներս այսօր կը ներկայանայ բոլորովին նոր մօտեցումներով։
ՀՀՀ-ի նպատակը ուսանողներուն օգնելն է օն-լայն կրթութեան միջոցով ձեռք ձգելու նոր գիտելիքներ հայագիտական նիւթերու, մանաւանդ հայոց պատմութեան, ճարտարապետութեան եւ հայերէն լեզուի գծով։

Հ.Բ.Ը.Մ. կրթական այս նոր ծրագիրը ուսանողին կարելիութիւնը կու տայ դասընթացքի վերջաւորութեան ստանալու համապատասխան վկայագիր կամ վարկանիշեր։ Կազմակերպուած դասընթացքները ունին գոլէճի մակարդակ եւ ուսանողին կը մատուցուին ամէնէն արդիական միջոցներով՝ տունը, գործատեղիին մէջ կամ նոյնիսկ ճամբորդութեան ընթացքին։ ՀՀՀ-ի նպատակն է բաւարարել զարգացող հասարակութեան պահանջները եւ քայլ պահել ուսուցման արդի մեթոտներուն հետ` յանուն հայ երիտասարդի զարգացման։

Ներկայիս ՀՀՀ-ը կ՛ընդգրկէ երեք բաժանմունքներ` լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին կը բաժնուի տարբեր մակարդակներու։ Ծրագիրը ամբողջ աշխարհի հայութեան մատչելի դարձնելու նպատակով բոլոր դասերը թարգմանուած են 7 լեզուներու՝ հայերէնը իր երկու ճիւղերով՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն։

ՀՀՀ-ը համաժամանակեայ եւ տարաժամանակեայ հաղորդակցման միջոցներու շնորհիւ ուսանողներուն կարելիութիւն կուտայ նոր գիտելիքներ ստանալու իրենց յարմարող ժամանակամիջոցին, ինչպէս նաեւ երեւութական ուսուցիչի եւ դասընկերներու հետ դէմ առ դէմ հաղորդակցուելու։ Ի լրումն շաբաթական դասերուն, օգտագործելով մուլթիմետիա ուսումնական գործիքները, ուսանողները կը ստանան պարտականութիւններ, վարժութիւններ, խնդիրներ, ինչպես նաեւ դասացուցակ, դասընթացի նկարագրութիւններ, յանձնարարութիւններու արկղներ եւ վիճակացոյցեր։

Աւելին, քննարկումներու, ֆորումներու, ելեկտրոնային նամակներու եւ զրուցավայրերու (Chat) միջոցով ուսանողները կարելիութիւնը պիտի ունենան աւելի սերտ կապեր հաստատելու ամբողջ աշխարհի իրենց դասընկերներուն հետ եւ նոր ընկերութիւններ ստեղծելու։

Մենք պատրաստ ենք պատասխանելու ձեր բոլոր հարցումներուն, ըլլան անոնք արձանագրութեան, վճարումի կամ նոյնիսկ նիւթական աջակցութեան, ինչպէս նաեւ մեր դասընթացներուն կամ ակադեմական վաւերացուած ծրագիրներու վերաբերեալ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար գրեցէք info@avc-agbu.org հասցէով։

ԸՆԹԱՑԻԿ
2013թ. Ամառնային շրջան
ՎՃԱՐ ԵՎ ՎՃԱՐՄԱՆ ԿԱՐԳ
Ստորեւ ներկայացուած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներու ուսման գինը:
Armnet2012 Winner
GRADUATION
ՆՈՒԷՐ ԲԱՑԻԿ
ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ
ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ՀՀՀ ՕՐԱՑՈՅՑ 2013Թ.
ՀՀՀ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀՎՀ ՆՈՐՈՒԹԻՈՒՆՆԵՐԸ
ԿԱՊԻ ՄԵՋ ԵՂԷՔ