ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐ
ՏԵՍԱՆԻՒԹ
ՀՀՀ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ
ԱՐՁԱԳԱՆՔ
Ուղարկել արձագանք
Ծրագիր

Դասընթացքի անուանումը եւ թիւը
AH 281: 20-րդ դարու Հայոց պատմութիւն- մաս 2 (արեւմտահայերէն) 3 վարկանիշով

Ուսումնական շրջան
2013թ. Ամառնային ուսումնական շրջան
Յուլիս 1- Սեպտեմբեր 3

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ(Ժամեր/շաբաթ)

Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային) 1-2 ժամ
Քննարկումներ, անհատական եւ խմբային
աշխատանքներ
2-3 ժամ
Հարցումներ, առաջադրանքներ 1-2 ժամ
Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն 4-7 ժամ

Մասնակիցները պէտք է.

  • Նամակագրական կապ ունենան իրենց դասընկերներուն հետ եւ հաղորդակցուին քննարկումներու, ֆօրըմներու, չաթի, Skype-ի, ձայնա-տեսաքոնֆերանսի միջոցով.
  • ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը.
  • Աշխատին փոքր խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգմը

Դասընթացքի նկարագրութիւնը եւ նպատակը
Դասընթացքը 20-րդ դարի Հայոց պատմութիւնը կը ներկայացնէ:  Դասընթացքը կը պարունակէ նիւթեր 1918-1920 թթ. Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորման  եւ  ներքին ու  արտաքին  վիճակի, 1920թ. թուրք-հայկական պատերազմի, Զանգէզուրի եւ  Արցախի ազատագրական պայքարի, Հայաստանի խորհրդայնացման, 1921-1928թթ. Խորհրդային Հայաստանի տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ կարք մը պայմանագիրներ:
Այս դասընթացքը մատչելի է մեծ լսարանի համար:

Դասընթացքի նիւթերը
Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները:
Օն-լայն նիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական պատմական գրականութեան, գիտական գրականութեան ուսումնական ծրագիրներու, մասանագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, դպրոցական ուսումնական ծրագրերու, պատմագիտական քննարկումներու եւ բանավէճերու հիման վրայ:
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են համալսարանական եւ մինչհամալսարանական ուսանողներու, միջնակարգ դպրոցներու, պատմութեան ուսուցիչներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի չափահաս մարդկանց համար:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը
Է. Դանիէլեան, Ա. Մելքոնեան, ՀայոցՊատմութիւն, Երեւան 2008:
Ա. Մելքոնեան, ՀայոցՊատմութիւն,Երեւան 1998:
ՀայԺողովուրդիՊատմութիւն, ՀԳԱ հրատ, հատոր 1-8, Երեւան 1967-1984:

Ուսուցման Արդիւնքները
Դասընթացքն աւարտելէ ետք ուսանողները ծանօթացած կ’ըլլան Հայոց Պատմութեան նշանակալից իրադարձութիւններու թուագրութեանը, գիտելիքներ կ’ունենան այն իրադարձութիւններու մասին, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են հայ ժողովուրդի եւ պետականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ գիտելիքներ` համաշխարհային պատմութեան մէջ Հայոց պատմութեան դերի մասին: Կ’ունենան պատմական գործընթացքները ուսումնասիրելու, վերլուծելու, մեկնաբանելու եւ խնդիրները լուծելու փորձ:

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը:  1918-1920 թթ. ներքին վիճակը
  • Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին վիճակը (1918-1920)։ Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովը :  Սեւրի պայմանագիրը
  • 1920 թ. թուրք-հայկական պատերազմը: Հայաստանի խորհրդայնացումը
  • Զանգէզուրի եւ Արցախի ազատագրական պայքարը 1918-1921 թթ.
  • 1921 թ. Փետրուարեան ապստամբութիւնը: Հայաստանի մէջ քաղաքացիական կռիւները:
  • 1921 թ. Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրները
  • 1921-1928 թթ Խորհրդային Հայաստանի տնտեսութիւնը
  • Հայաստանի արդիւնաբերութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը
Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը
          Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասաւանդման մեթոդաբանութիւնը
Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու գործընթացքի մէջ: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասընթացքի դասացուցակը
Դասընթացքը կը տեւէ 9 շաբաթ ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Ուսանողին մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր շաբթուայ 5 օրերու ընթացքին:

Շաբաթ 0 Ծանօթացման շաբաթ
Ուսանողները կը ծանօթանան Ուսանողի Ուղեցոյցի հետ, կ’որոշեն իրենց ուսանելու ոճը` ամբողջացնելով համապատասխան հարցաշարը, կը լրացնեն անձնական թերթիկը, կը ներկայանան իրարու, կը մասնակցին ֆօրըմին, կ’որոշեն այն ժամային գօտին, ուր պէտք է աշխատին:
Ուսանողները պէտք է ծանօթանան դասընթացքի ժամանակ անհրաժեշտ հաղորդակցման եւ ուսման միջոցներու հետ եւ կիրարկեն զանոնք:
Շաբաթ 1-8 Դաս ( գործածէ ելեկտրոնային նիւթեր եւ տարբեր տեսակի գիտելիքներու նիւթերը)
Անհատական եւ խմբային աշխատանքներ, հարցումներ:
Շաբաթ 3 Անհատական աշխատանքի յանձնում
Շաբաթ7 Խմբային աշխատանքի յանձնում
Շաբաթ 8 Աւարտական քննութիւն

Դասընթացքի պահանջները
Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի ակադեմիական քաղաքականութեան հետ:

Անհատական նախագիծի նկարագրութիւնը:  Իւրաքանչիւր ուսանող պէտք է մշակէ անհատական նախագիծ եւ նշուած ժամկետին ներկայացնէ զեկոյց: Նախագիծը պէտք է հիմնուած ըլլայ դասընթացքի ընթացքին քննարկուած թեմայի վրայ: Ուսանողները նախ պէտք է ուսուցիչին հետ խորհրդակցին ընտրուած թեմայի եւ բովանդակութեան շուրջ: Անոնք, որոնք թեման կ’ընտրեն նախօրոք , հնարաւորութիւն կ’ունենան դասընթացքի ընթացքին կատարուած աշխատանքները եւ քննարկումները օգտագործելու իրենց նախագիծին մէջ:

Խմբային նախագիծի նկարագրութիւնը: Խմբային նախագիծը հիմնուած է համեմատական մեթոդի վրայ: Ուսանողները համեմատական եզրեր կ’անցնեն իրենց երկիրներուն մէջ կատարուած իրադարձութիւններու եւ հայոց Պատմութեան դասընթացքին քննարկուող թեմայի ժամանակաշրջաններու միջեւ: Խումբի անդամները միասին կ’որոշեն իրենց աշխատանքի ձեւը, Word, PowerPoint կամ այլ թուային ծրագիրներու օգնութեամբ կը ստեղծեն զեկոյցներ` ներկայացնելով կատարուած համեմատութիւնները եւ ուսումնասիրութիւններու զուգահեռները:

Գնահատման կարգը
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% - մասնակցութիւն
25% - անհատական աշխատանք
25% - խմբային աշխատանք
30% - աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի գնահատման քաղաքականութեանը

Առաջադրանքները ուշ յանձնելու ժամանակ:
Ուսանողը առաջադրանքները պէտք է ճիշդ ժամանակին յանձնէ, որպէսզի դասէն օգտուի, իսկ ուսուցիչը հնարաւորութիւն ունենայ առաջադրանքը գնահատելու: Ուսանողը եթէ առաջադրանքը սահմանուած օրէն մէկ շաբաթ ուշ յանձնէ, ապա գնահատականը 10%-ով կը պակսի, իհարկէ, եթէ ուսուցիչը նախապէս տեղեկացուցած չըլլայ այդ մասին: Երկու շաբաթ ուշ յանձնուած առաջադրանքը չի գնահատուիր ուսուցիչին կողմէ, այլ միայն կը սրբագրուի:

Արձանագրուելու համար ամբողջացուցէք արձանագրութեան թերթիկը:

ԸՆԹԱՑԻԿ
2013թ. Ամառնային շրջան
ՎՃԱՐ ԵՎ ՎՃԱՐՄԱՆ ԿԱՐԳ
Ստորեւ ներկայացուած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներու ուսման գինը:
Armnet2012 Winner
GRADUATION
ՆՈՒԷՐ ԲԱՑԻԿ
ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ
ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ՀՀՀ ՕՐԱՑՈՅՑ 2013Թ.
ՀՀՀ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀՎՀ ՆՈՐՈՒԹԻՈՒՆՆԵՐԸ
ԿԱՊԻ ՄԵՋ ԵՂԷՔ