|
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐ
ՏԵՍԱՆԻՒԹ
ՀՀՀ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ
ԱՐՁԱԳԱՆՔ
|
ՀԱՐՑՈՒՄ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆ
Արձանագրութեան համար յատուկ պայմաններ գոյութիւն չունին։ Սոյն դասընթացքին կրնայ մասնակցիլ ոեւէ տարիքի պատկանող անձ մը, որ հետաքրքրուած է հայագիտական կրթութեամբ։ Դասընթացքները նախատեսուած են գոլէճի (երկրորդական դպրոցի եւ համալսարանական) մակարդակի ուսանողներու եւ չափահասներու համար։ Դասընթացքի վերջաւորութեան կրնաք ստանալ համապատասխան վկայական, գոլէճի վարկանիշ (տես
ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒՄ) կամ պարզապէս մասնակցիլ դասընթացքին։
Օգտուելով
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
էջին մէջ զետեղուած դիմումնագիրէն, զայն ամբողջացուցէք ձեր անձնական տուեալներով։ Կարճ ժամանակ մը ետք կը ստանաք ելեկտրոնային նամակ մը, որուն մէջ կը գտնէք անհրաժեշտ բոլոր ցուցումները։
Սեղմեցէք
ՄՈՒՏՔ (էջին աջ անկիւնին վրայ) եւ անգամ մը եւս գրեցէք ձեր արձանագրութեան անունը եւ գաղտնաբառը։
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ դիմումը ամբողջացնելու ժամանակ Ձեր արձանագրութեան անունը եւ գաղտնաբառը կը պահուին ՀՀՀ-ի տեղեկատուական համակարգին մէջ։ Եթէ յանկարծ մոռնաք Ձեր գաղտնաբառը, մտէք
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
էջը եւ սեղմեցէք "Այո, օգնեցէ՛ք ինծի մուտք գործել", ապա հետեւեցէք ցուցումներուն։
Նման թեքնիք հարցերու պարագային այցելեցէք
ԹԵՔՆԻՔ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ
էջը կամ կապ հաստատեցէք ՏՏ աջակցման կեդրոնին հետ՝
ITsupport@avc-agbu.org
հասցէով։
Փորձաշրջանը որոշակի ժամանակահատուածի համար է (Փետրուար 22 մինչեւ Ապրիլի 15 , 2009) , որուն ընթացքին ի գործ դրուած են իւրաքանչիւր առարկայէ ընդամէնը չորս դաս։ Փորձաշրջանի ընթացքին ուսուցումը բոլորին համար անվճար է։ Ան բովանդակութեան, ձեւի եւ ՀՀՀ-ի ծրագրային ապահովման կիրառման վերաբերեալ արձագանքներ հաւաքելու նպատակով է։ Փորձաշրջանի ընթացքին ներկայացուած դասերը 2-3 լեզուներով են եւ ուսանողին վարկանիշեր չեն ապահովէր։ Ինչպէս նաեւ այս շրջանին գոյութիւն չունի ոեւէ տեսակի յանձնարարութիւն, քննութիւն կամ երեւութական ուսուցիչի աջակցութիւն։ Հաստատուն կիսամեակի ժամանակ (գարնանային կամ աշնանային կիսամեակ) իւրաքանչիւր դասընթացքի տեւողութիւնը 16 շաբաթ է (դասընթացքի դասերը կը բացուին շաբաթական պարբերականութեամբ): Դասընթացքները կը ներկայացուին 6 լեզուներով եւ ուսանողին հնարաւորութիւն կը տրուի մասնակցելու որպէս ունկնդիր, առանց վարկանիշեր ապահովելու։ Հաստատուն կիսամեակի դասընթացքներու վճարումները կ՛ընդունուին վարկատոմսով, կամ կարելի է գումարը փոխանցել ՀԲԸՄ կեդրոնները կանխիկ վճարումով։
Համաժամանակեայ եւ տարաժամանակեայ ճարտարագիտութեան միջոցով Երեւութական ճեմարանը ուսանողներուն հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ սորվելու նոր նիւթեր շաբաթական պարբերականութեամբ, օգտագործելով ուսուցման մուլթիմետիա մեթոտը (բնագիրի լսողա-տեսողական միջոցներ), ինչպէս նաեւ պատրաստել դասերու եւ խմբային աշխատանքի նախագիծեր եւ լաւագոյնս ձեւով հաղորդակցել երեւութական ուսուցիչի եւ դասընկերներու հետ։ Ի լրումն շաբաթական դասերուն ուսանողները կը ստանան ուսուցման գործիքներ, խաղեր, յանձնարարութիւններ, խնդիրներ, միջանկեալ եւ ամփոփիչ քննութիւններ, օրացոյցեր, դասընթացքի նկարագրութիւններ, խնդիրներ, միջանկեալ եւ ամփոփիչ քննութիւններ, զետեղման անկիւններ եւ օրագրեր։ Աւելին, դասընթացքի ընթացքին ի գործ դրուած քննարկումներու ֆորումները, ելեկտրոնային նամակները, չաթերը, audio եւ տեսանիւթ քննարկումները ուսանողներուն հնարաւորութիւն կու տան աւելի լաւ կապեր հաստատելու ուսուցիչին եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ սփռուած իրենց հայրենակիցներուն հետ:
Մուլթիմետիա դասընթացքներուն հեղինակները Հայաստանի տարածքին մէջ ճանչցուած մասնագէտներ են, որոնք վերապատրաստուած են օն-լայն կրթութեան միջազգային համբաւ ունեցող մանկավարժ մասնագէտներու կողմէ։ Երեւութական ճեմարանի ուսուցիչները կը պարտին օգնել ուսանողներուն իրենց ցուցմունքներով, ինչպէս նաեւ լաւագոյնս վարել քննարկումներու հաւաքները, պատասխանել ուսանողներու հարցումներուն, գնահատել յանձնարարուած պարտականութիւնները, նախագիծերը, միջանկեալ եւ ամփոփիչ քննութիւնները։
2013թ. ունինք 4 ուսումնական շրջան:
Մեծ հաւանականութեամբ Դուք MS Wordի հին տարբերակը կը գործածէք, որ docx file (MS Word 2007) չի ճանչնար. MS Word 2007ով գրուած որեւէ թուղթ կարդալու համար Ձեր համակարգիչին վրայ պէտք է բեռնաւորէք Microsoft Office Compatibility Pack for Word, Excel, and PowerPoint File Formats , որ հետեւեալ կայքէջէն կրնաք ներբեռնել.
http://www.microsoft.com/downloads/en/details.aspx?familyid=941b3470-3ae9-4aee-8f43-c6bb74cd1466&displaylang=en |
ԸՆԹԱՑԻԿ
2013թ. Ամառնային շրջան
ՎՃԱՐ ԵՎ ՎՃԱՐՄԱՆ ԿԱՐԳ
Armnet2012 Winner
GRADUATION
ՆՈՒԷՐ ԲԱՑԻԿ
ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ
ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ՀՀՀ ՕՐԱՑՈՅՑ 2013Թ.
ՀՀՀ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀՎՀ ՆՈՐՈՒԹԻՈՒՆՆԵՐԸ
ԿԱՊԻ ՄԵՋ ԵՂԷՔ
|








