ուսումական շրջանի արձանագրութիւնը արդէն իսկ սկսած է: Ներքոյ յիշեալ դասընթացքները կը ներկայացուին տարբեր լեզուներով՝ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն, թուրքերէն եւ տարբեր մակարդակներով.
Դուք կրնաք արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուներու Ձեր իմացութիւնը ստուգել հետեւեալ փորձնական քննութիւններու միջոցաւ:
ՀՀՀ-ի մասին
ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վէլիի մասնաճիւղին կողմէ 2004 թուականին նախաձեռնուած ՀԲԸՄ-եան ՀՀՀ-ը կը միտի հայկական կրթութիւնը մատչելի եւ հնարաւոր դարձնել անհատներուն: Օգտագործելով արդի թեքնիք միջոցները եւ օգտուելով անոնց ընձեռած առաւելութիւններէն՝ ՀՀՀ-ը իր ուսանողներուն համար կը ստեղծէ կարելիութիւն դասերուն հետեւելու ուսանողին նախընտրած ժամանակացոյցով, ինչպէս եւ հանդիպելու օնլայն ուսուցիչներուն եւ դասընթացքին մասնակից այլ ուսանողներու: Կազմակերպելով համալսարանական մակարդակի երեւութական դասընթաքներ, ՀՀՀ-ը կը ստեղծէ երեւութական հանրութիւն, ինչը կը նպաստէ մշակութային եւ հասարակական կապերու հաստատման: