ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐ
ՏԵՍԱՆԻՒԹ
ՀՀՀ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ
ԱՐՁԱԳԱՆՔ
Ուղարկել արձագանք
ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒՄ

ՀՀՀի ուսանողները կրնան իրենց աւարտած իւրաքանչիւր դասընթացքի համար հաւաքած վարկանիշները կուտակել` Վկայական, Վկայագիր կամ Մասնագիտական Որակաւորում ստանալու նպատակով:

Այժմ ՀՀՀ-ը Հայաստանի Հանրապետութեան, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի յայտնի կրթական հաստատութիւններու մօտ հաւատարմագրման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տանի։ Այդ վաւերականացումը ուսանողներուն հնարաւորութիւն կու տայ ՀՀՀ-էն ստացած իրենց վարկանիշերը փոխանցել իրենց ուսումնական հաստատութիւններ (համալսարաններ եւ բարձագոյն դպրոցներ):

Շրջանաւարտները «Աւարտական Վկայագիր» ստանալու համար կրնան ՀՀՀ ի արձանագրութեան գրասենեակ դիմել: Վկայագիրին վրայ նշուած պիտի ըլլայ շրջանաւարտի անունը, շնորհուած կոչում(ներ)ը, աւարտած դասընթացքներու անուանումները, Բարձրագոյն/Միջին մասնագիտական Որակաւորում(ներ)ը (եթէ կիրառելի է), աւարտելու թուականը/թուականները եւ վկայագիրը շնորհող ուսումնական հաստատութեան անուանումը:

Վկայագիրը համալսարանի նախագահի կողմէ կը ստորագրուի եւ համալսարանի պաշտօնական կնիքով ալ կը դրոշմուի: Շրջանաւարտին նաեւ կը յանձնուի Վկայագիրի միջուկը, որուն մէջ ալ նշուած կ’ ըլլայ դասընթացքի վերաբերեալ որոշ տեղեկութիւններ, ուսանողին` իւրաքանչիւր դասընթացքի համար ստացած նիշերը, կուտակած վարկանիշերը եւ միջին գնահատականը:

Վկայականները եւ Վկայագիրները բոլոր շրջանաւարտները կրնան ստանալ: Վկայականներու/Վկայագիրներու բնօրինակը, ըստ ուսանողներուն / շրջանաւարտներուն պահանջին երեկտրոնային տարբերակով կը ղրկուի: Վկայականները եւ Վկայագիրները պէտք է պահանջել ելեկտրոնային նամակով կամ ֆաքսով:

Վկայականը կամ Վկայագիրը աշխատանքային 5-10 օրերու ընթացքին կը տրամադրուի:

Պահանջը ներկայացնելու ժամանակ, պէտք է հետեւեալ տուեալները գրել.

  • Անուն Մականուն
  • Ծննդեան թուական
  • Թուականները եւ աւարտած դասընթացքներու անուանումները
  • Ելեկտրոնային հասցէ
  • Փոստային հասցէ
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար դիմել ՀՀՀի Արձանագրութեան Գրասենեակ` registrar@avc-agbu.org:

ԸՆԹԱՑԻԿ
2013թ. Ամառնային շրջան
ՎՃԱՐ ԵՎ ՎՃԱՐՄԱՆ ԿԱՐԳ
Ստորեւ ներկայացուած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներու ուսման գինը:
Armnet2012 Winner
GRADUATION
ՆՈՒԷՐ ԲԱՑԻԿ
ՈՒՂԻՂ ԿԱՊ
ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ՀՀՀ ՕՐԱՑՈՅՑ 2013Թ.
ՀՀՀ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀՎՀ ՆՈՐՈՒԹԻՈՒՆՆԵՐԸ
ԿԱՊԻ ՄԵՋ ԵՂԷՔ