Home
ԱԵ. ՀՅ
Home
ԱՄ. ՀՅ
Home
  EN 
Home
 РУС 
Home
  FR 
Home
  SP 
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐ
ՏԵՍԱՆԻՒԹ
AVC
ԱՐՁԱԳԱՆՔ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՒԻԹԱԿԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
Հայկական Համացանցային Համալսարանի ծրագիրը ծնունդ առաւ 2004 թուականին, Հ.Բ.Ը.Մ. Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղին կողմէ։ Մասնաճիւղի ղեկավարները ըմբռնելով ժամանակի հրամայականը, գիտակցած էին անհրաժեշտութիւնը այնպիսի նոր կրթական ծրագիրի մը, որ կրնար բաւարարել սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ գտնուող հայ երիտասարդներուն պահանջները։

2004-էն սկսեալ, ծրագիրի ճարտարագիտական բազմակողմանի մշակման համար Հ.Բ.Ը.Մ. ղեկավարները համագործակցեցան Երեւանի պետական համալսարանի կրթութեան եւ հետազօտութեան տեղեկատուական ճարտարագիտութեան կեդրոնի գիտնականներուն եւ ծրագրաւորողներուն հետ։
ՀՀՀ-ի նպատակն է յաղթահարել կրթական այն բոլոր խոչընդոտները, զորս տասնամեակներ շարունակ մտահոգած է սփիւռքահայութիւնը։ Ան ծնունդ է Հ.Բ.Ը.Մ. ղեկավարներու հետապնդած կրթական ծրագիրներուն, որպէսզի ամբողջ աշխարհի հայ երիտասարդները առընչուին հայագիտական դասանիւթերուն հետ։
Թէեւ հայկական երեւութական ճեմարանը ուղղուած է այն անհատներուն, որոնք կարելիութիւնը չունին դէմ առ դէմ, ամենօրեայ դրութեամբ առընչուելու հայագիտութիւն դասաւանդող կրթական ծրագիրներուն հետ, ՀՀՀ-ը պիտի ամբողջացնէ նաեւ սփիւռքահայ այն երիտասարդներուն կրթական պահանջները, որոնք արդէն իրենց գաղութներուն մէջ կը յաճախեն հայկական կրթական հաստատութիւններ։ Հեռակայ ուսուցման այս ծրագիրը ոչ միայն կը հարստացնէ աշխարհի տարբեր տեղերէ մասնակից ուսանողներուն գիտելիքները, այլ նաեւ աւանդական հայկական կրթական համակարգը հաղորդակից կը դարձնէ ժամանակակից մուլթիմետիա կրթական միջոցներուն։
Հ.Բ.Ը.Մ.-ը տասնամեակներ շարունակ ղեկավարած է կրթական ծրագիրներ եւ այսօր ՀՀՀ-ի յաջողութեան համար ի գործ կը դնէ իր մարդկային ներոյժը, հայեցի կրթութեան ասպարէզին մէջ տարիներու իր ողջ փորձառութիւնը եւ կրթական ցանցը:
ՀՀՀ-ը օգտուած է նաեւ հեռակայ ուսուցման մանկավարժական փորձառութենէն: Ան կը գործածէ նաեւ հայկական կրթութեան ձեռք բերուած փորձառութիւնը եւ կրթական կառավարումի համակարգը:
Ուսանողները մասնակցելով ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն, իւրաքանչիւր դասանիւթի համար կրնան հաւաքել կետեր եւ Հ.Բ.Ը.Մ. ՀՀՀ-էն ստանալ հաւաստագիր մը։ ՀՀՀ-ը իր ուսանողներուն համար կարելիութիւնը ստեղծած է հաւաքուած այդ կետերը փոխանցելու աշխարհի տարբեր համալսարաններ եւ կրթական հաստատութիւններ։
Հայագիտական դասընթացքները մատչելի են աշխարհասփիւռ հայութեան համար, որ կողմն ալ ըլլան անոնք։ Օգտուեցէ՛ք Ձեզի տրուած այս կարելիութենէն։

pdf

ԸՆԹԱՑԻԿ
ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆ 2010
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏ
Արձանագրուեցէք 2010թ. աշնանային ուսումնական շրջանի դասընթացքին:
ՎՃԱՐ ԵՎ ՎՃԱՐՄԱՆ ԿԱՐԳ
Ստորեւ ներկայացուած է ՀՀՀ-ի դասընթացքներու ուսման գինը:
ՆՈՒԷՐ ԲԱՑԻԿ
ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ՀՀՀ ՕՐԱՑՈՅՑ 2010Թ.
ՀՀՀ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀՎՀ ՆՈՐՈՒԹԻՈՒՆՆԵՐԸ
ՀՀՀ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐ
  • Կամուրջ-ֆորում` որպէս ամփոփում ...
  • Հայկական Համացանցային ...
  • Համացանցային համալսարան
ԿԱՊԻ ՄԵՋ ԵՂԷՔ